ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիական բանակը Չորեքշաբթի, Յունիս 5ին վերագրաւեց Լիբանանի սահմանին մօտակայ Քուսէյր քաղաքը, որմէ ետք յայտարարեց, թէ այս յաղթանակը պէտք է պատգամ մը ըլլայ Սուրիոյ բոլոր թշնամիներուն, թէ՝ ամբողջ երկիրը իր հակակշիռին տակ առնելու բանակին սկսած արշաւը յաջողութեամբ պիտի աւարտի: Ան ազդարարեց, թէ սուրիական բանակին վրայ յարձակողներուն ճակատագիրը յստակ է՝ «անձնատուր ըլլալ, կամ՝ մահ»:
Աւելի ուշ, սուրիական ընդդիմութիւնը յայտարարեց, թէ տասնեակներով զոհեր տալէ ետք՝ իր զինեալները հեռացուցած է Քուսէյրէն, որուն վրայ սուրիական բանակի յարձակումին մասնակցած են նաեւ «Հըզպալլա»ի զինեալները:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2րդ կայանը հաղորդեց, թէ Քուսէյրի մէջ սուրիական բանակին ապահոված յաղթանակը Դամասկոսէն սուրիական ծովափ երկարող ճամբուն ապահովութիւնը երաշխաւորած է՝ հարուած մը հասցնելով Լիբանանէն սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման աշխատանքին:
Լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ Քուսէյրէն փախուստ տուող սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զինեալները լիբանանեան Արսել գիւղաքաղաքը ապաստանին:
Քաղաքական գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն որեւէ ժամկէտ չէ ճշդած Սուրիոյ շուրջ նախատեսուած «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովին համար, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ճան Քերին:
Իր կարգին, Լաւրով յայտարարեց, որ «Ժընեւ 2»ի թուականը պիտի ճշդուի միայն անոր մասնակիցներուն հարցով համաձայնութեան գոյացումէն ետք: Ան հաւանական նկատեց, որ մօտիկ ապագային դարձեալ հանդիպում մը ունենայ Քերիի հետ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Ժընեւ 2»ն պիտի չկարենայ իր նպատակին հասնիլ՝ առանց սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեան, աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը արիւնահեղութիւնը կասեցնելու հարցին մէջ կարեւոր դեր ունի: Ան միաժամանակ քննադատեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը՝ պնդելով, որ ան «կը շարունակէ իր ժողովուրդը սպաննել»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութեան որեւէ փորձ «դատապարտուած է ձախողութեան եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»: Ան քննադատեց սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման արգելքին ջնջումը Եւրոմիութեան կողմէ եւ յայտնեց, թէ «Էս.300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը «տակաւին սուրիական վարչակարգին չեն յանձնուած»:
Նաեւ, Մարդկային իրաւանց հարցով ՄԱԿի հետաքննիչները Երեքշաբթի օր յայտարարեցին, թէ բաւարար պատճառներ ունին համոզուելու, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր «սահմանափակ» կերպով օգտագործուած են սուրիական կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ:
Վերջապէս, Փենթակոնէն աղբիւրներ հաղորդած են, որ Միացեալ Նահանգներ Յորդանան պիտի ուղարկէ «Փեթրիըթ» տիպի հակաօդային համակարգեր եւ «Էֆ. 16» տիպի ռազմական օդանաւեր՝ միացեալ ռազմափորձերու համար, աւելցնելով, որ «ռազմափորձերու աւարտէն ետք անոնցմէ քանի մը հատը թերեւս հոն մնան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.