ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- Հայաստանի կառավարութիւնը 6 Յունիսին որոշում տուած է 1 Յուլիսէն սկսեալ բարձրացնել նուազագոյն աշխատավարձը: Ըստ այդմ, նուազագոյն աշխատավարձը 35,000 դրամէն պիտի բարձրանայ 45,000 դրամի (մօտ 84 տոլարէն 108 տոլար):
Նշենք, որ այս բարձրացմամբ նուազագոյն աշխատավարձ ստացող Հայաստանի քաղաքացիները պիտի յաղթահարեն աղքատութեան նուազագոյն շեմը, որ ներկայիս մէկ հոգիի համար ամսական 97,1 տոլար է:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այս առիթով յայտարարած է, որ նուազագոյն աշխատավարձի 30 տոկոսով բարձրացումը «շօշափելի փոփոխութիւն» է յատկապէս պետական հատուածի այն աշխատողներուն համար, որոնք նուազագոյն աշխատավարձ կը ստանան:
Կառավարութիւնը խոստացած է մինչեւ 2017 թուական, կառավարութեան ներկայացուած քառամեայ ծրագիրի համաձայն, կատարել նուազագոյն աշխատավարձի հետեւողական բարձրացում: Վարչապետը յայտարարած է, որ նուազագոյն աշխատավարձի յաջորդ բարձրացումը պիտի կատարուի 1 Յունուար 2014ին։
Նուազագոյն աշխատավարձի յուլիսեան բարձրացման համար պիւտճէէն պիտի պահանջուի լրացուցիչ 6 միլիառ դրամ (մօտ 14.5 միլիոն տոլար), իսկ յունուարեան բարձրացման համար՝ յաւելեալ 50 միլիառ դրամ (մօտ 120.5 միլիոն տոլար):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
ամօթ, իսկական ամօթ թշոառութեան մէջ ապրող հայ մարդը ինչպէս պիտի
կարողանայ ապրիլ սոյն նուաստացուցիչ գումարով: Թափանցիկութիւն պէտք է ամէն բանէ առաջ, իսկական ժողովրդավարութիւն, տնտեսական արմատական փոփոխութիւն: Փո-փո-խու-թիւն: