ՊԱՔՈՒ, ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար ըսած է, թէ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ ուժանիւթի արժէքին մասին կարծիքները չափազանցուած են: Դեսպանը աւելցուցած է, որ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ ապահովութեան երաշխաւորումը Ուաշինկթընի համար աւելի կարեւոր է, քան ուժանիւթի ապահովումը: «Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դերը՝ դէպի Արեւմուտք ուժանիւթի մատակարարման աղբիւրներու եւ ուղիներու բազմազանացումին եւ համաշխարհային ուժանիւթի ապահովութեան երաշխաւորման մէջ, հետզհետէ կ՛աճի: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ ուժանիւթի դերը պէտք չէ չափազանցել: Մենք հանդէս կու գանք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օգտին, ինչ որ սակայն ուժանիւթի նախագիծերուն հետ կապ չունի», նշած է ան:
Միւս կողմէ, «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ուժանիւթային քաղաքականութեան հարցերով օգնականի տեղակալ Էմըս Հոչթէյն, Պաքուի մէջ կայացող ուժանիւթի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն հաւասարապէս կ՛աջակցի ատրպէյճանական կազը Եւրոպա հասցնելու համար քննուող որեւէ ծրագիրի, պայմանաւ, որ անիկա ապահովէ ատրպէյճանական «Շահ Տենիզ» հանքը օգտագործող միջազգային ընկերութիւններու համախմբումին աջակցութիւնը:
Ան յոյս յայտնած է, որ յետագային այդ կազատարով կ՛արտածուին նաեւ Իրաքի եւ Թիւրքմէնիստանի կազերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.