ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, Յունիս 10ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Փասատինայի «Փարսընզ» շէնքին մէջ (100 W. Walnut Street, Pasadena, CA, 91124) տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի Հայկական համացանցային համալսարանի ծանօթացման ձեռնարկ մը՝ կազմակերպութեամբ Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան:
Ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ համալսարանի հիմնադիրն ու տնօրէնը՝ դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, իսկ ներկայացման ընթացքին, համացանցային կապի միջոցաւ իրենց վկայութիւնները պիտի փոխանցեն նաեւ համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել areg.gharabegian@parsons.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.