ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կ՛ըսեն, որ հայերը խմբային խաղարկութեանց մէջ չեն փայլիր, որովհետեւ շատ անձնակեդրոն են: Կը տրուին ապացոյցներ մարզական աշխարհի տարբեր ոլորտներէն՝ խմբային խաղարկութիւն պահանջող ֆութպոլէն, ուր միայն առանձին փայլատակումներ կ՛ունենանք, նաեւ՝ անհատական գերազանցութեան հարթակներ շնորհող ճատրակէն կամ ծանրաբարձութենէն, ուր դափնիները յաճախակի կը խլուին:
Ֆութպոլը, խմբային խաղ ըլլալով՝ կը պահանջէ համադրում, գործակցութիւն, մարզիչի ցուցմունքներուն ենթարկուելու պատրաստակամութիւն: Այս բոլոր պայմանները լրացնելու հակամէտ չէ հայ անհատը, հետեւաբար՝ մեր ֆութպոլը այս մակարդակին կ՛ըլլայ:
Ասկէ աւելի սխալ եզրակացութիւն կարելի չէ ընել մեր ազգային մարզական յաջողութիւններու ու ձախողութիւններու ենթահողին վրայ:
Ֆութպոլն ալ անհատի ինքնութիւնն ու ինքնուրոյն վարպետութիւնը դրսեւորելու հնարաւորութիւն տուուղ մարզաձեւ է: Այլապէս, ինչպէ՞ս կրնայինք մեծ ակումբներու անուններուն հետ ունենալ աշխարհահռչակ մարզիկներու անուններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միլիոնաւոր տոլարներ կը ստանայ, բազմաթիւ անգամներ աւելի շատ քան միջակ անունի ու համբաւի չտիրացած խաղացողներ: Ուրեմն, հայերը, այս անհատապաշտները, կրնան թէ՛ իրենք զիրենք դրսեւորել եւ թէ հաւաքականօրէն փառքի պսակներ շահիլ, եթէ իրենց ինքնուրոյն վարպետութեան հետ միասին՝ բարեհաճին «փաս տալ», գնդակը փոխանցել, իրենց ընկերոջ դիրքին ու հարուածելու կարողութեան վստահիլ:
«Արարատ-73»էն ի վեր, երբ ազգով գինովցած էինք մեր ֆութպոլիստներու փայլուն յաղթանակով, մինչեւ Քոփենհակընի վերջին փայլատակումը, մեր հայկական անձնակեդրոնութեան առասպելը փշրող օրինակները կը սկսին աւելի յաճախակի ըլլալու: Այն չափազանցուած ոգեւորութիւնը, զոր մեր ֆութպոլի հաւաքականի իւրաքանչիւր յաղթանակ կը ստեղծէ մեր ժողովուրդին մէջ, Երեւանէն մինչեւ Կլենտէյլ, կարծես կ՛արտայայտէ մեր թաքուն ցանկութիւնը, մեր գուրգուրանքը գործակցութեան, խմբային խաղարկութեան, իրարու ահնդէպ յարգանքի, իրարու յաջողութեամբ հպարտանալու, իրարու օգնելով առաջ երթալու, միասնաբար յաղթանակելու: Ահա, լաւագոյն մարզիկներ հաւաքագրող մասնագէտներու աչքին առջեւ, Արազը գնդակը կը փոխանցէ Եուրային, եւ Եուրան կ՛արձանագրէ իր երկրորդ կօլը, ի փառս հայկական խումբին, հաւաքականին:
Մենք, մեր ազգին առաջ կանգնած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար պարտաւոր ենք ընդմիշտ ջարդելու մեր անձնակեդրոնութեան կարծրատիպը եւ փառաւորելու խմբային, փոխհամաձայնեցուած գործողութիւններով յաղթանակներ ապահովելու մեր հաւաքական ունակութիւնը: