
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, որ Պաքու կը գտնուի Պաղեստինի հարցով միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու համար:
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին՝ Տաւութօղլու Ալիեւին փոխանցած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյնները: Հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է բոլոր ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը: