ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Հայաստան» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 31ին, երեկոյեան ժամը 6ին: Գործադրուեցաւ սքանչելի յայտագիր մը, որուն ընթացքին փոքրիկները կատարեցին ժողովրդային եւ աւանդական հայկական երգեր:
Մամբրէ Ա. քհնյ. Քեսապեան ներկայացուց թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը. ան սրբազան հօր օրհնութիւններն ու շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վարժարանի տնօրէնուհի Քնարիկ Շարամաթեանին եւ շրջանաւարտներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.