
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Այսօր».– 12 Յունիսի վաղ առաւօտեան Քոփենհակընէն Երեւան վերադարձան ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիկները, որոնք օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան համակիրներուն կողմէ։
Ֆութպոլիստները մերժեցին հարցումներուն պատասխանել, քանի որ շատ յոգնած էին: «Ազատութիւն» կայանի քանի մը հարցումներուն պատասխանեց միայն հաւաքականի կիսապաշտպան Դաւիթ Մանոյեանը:
Անոր համաձայն, Մալթայէն պատահական պարտութիւն կրելէ ետք իրենք մեծապէս քննադատուեցան, իսկ Դանիոյ հետ խաղով իրենք ապացուցեցին, որ կրնան բարձրակարգ ֆութպոլի խաղ ցուցադրել: Յաղթանակը, բնականաբար, մեծապէս ազդեց նաեւ խաղացողներուն տրամադրութեան վրայ. «Ուղղակի ուրախանում էինք, գիտակցում էինք նաեւ՝ ինչ կարեւոր յաղթանակ է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ճի՞շդ է, թէ հաւաքականին մէջ իրավիճակը լարուած է՝ Մանոյեանը արձագանգեց, որ նման բան չկայ, բոլորը ընկերներ են: «Մեր տղաները ու թիմը այդ հնարաւորութիւնը ունեն, որ այսպիսի խաղ ցուցադրենք եւ այսպիսի հաւաքականների այսպիսի հաշուով յաղթենք, ուղղակի չէր ստացւում ինչ որ պատճառներով, հիմա այդ ամէն ինչը ոնց որ մի կողմ դրուեց, ու այդ ամէն ինչը ստացուեց», ըսաւ Հայաստանի հաւաքականի մարզիկը:
Լրագրողը հարցուցած է, որ խաղէն առաջ կ՛ենթադրէի՞ն, որ նման արդիւնք կ՛արձանագրեն՝ Դաւիթ Մանոյեան պատասխանած է. «Սուտ կը լինի ասել, որ հէնց 4:0 էինք պատկերացնում, բայց բոլորս վստահ էինք, որ յաղթելու ենք, ու անգամ վստահ էինք, որ մեծ հաշուով, բայց 4:0՝ չէինք մտածում»:
Մարզական մեկնաբան Կարէն Գիլոյեանի համաձայն, այս յաղթանակը անհրաժեշտ էր ոչ միայն երկրպագուներուն, այլ նաեւ հաւաքականի անդամներուն համար, որպէսզի անոնք վերականգնեն իրենց սեփական ուժերուն հանդէպ հաւատքը: Գիլոյեանը անկեղծօրէն ըսաւ, որ Մալթայի հետ խաղէն ետք որոշ հիասթափութիւն կար նաեւ իրենց մօտ, բայց այս խաղէն ետք ամէն ինչ փոխուած է:
«Դանիային յաղթելը… Պատկերացրէք՝ 20րդ հորիզոնականում է հիմա Դանիան ՖԻՖԱի վարկանիշային աղիւսակում, մենք՝ 89րդ, հսկայական տարբերութիւն, եւ յետոյ գիտենք՝ Դանիան փառահեղ ֆուտբոլային աւանդոյթներ ունի, հրաշալի կատարողներ, եւ նաեւ այս թիմում շատ լաւ ֆուտբոլիստներ կան: Եւ յաղթել Դանիային այսպիսի վառ ֆուտբոլով, այսքան գեղեցիկ գոլերով… Յատկապէս Հենրիխ Մխիթարեանի գոլը շատ լուրջ ապտակ էր ամբողջ դանիական ֆուտբոլին», դիտել տուաւ մարզական մեկնաբանը:
Ֆութպոլի խաղէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Դանիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մորտեն Օլսենը յայտնեց, որ թէեւ Հայաստանը հիանալի խաղով հանդէս եկաւ, բայց արդէն կորսնցուցած էր խումբին մէջ երկրորդ դիրքը գրաւելու կարելիութիւնը: Ան նշեց, որ Հայաստան-Մալթա խաղէն ետք շատեր մտածեցին, թէ Հայաստանի հետ խաղը դիւրին պիտի ըլլայ, բայց ինք լրիւ այլ կարծիքի էր: «Ես կը կարծեմ, թէ Հայաստանը շատ լաւ խումբ ունի», յայտնեց Օլսենը:
Որպէս իր խումբին անյաջող խաղի հիմնական պատճառ՝ Դանիոյ մարզիչը մատնանշած է նաեւ դաշտին վիճակը՝ ըսելով, որ նման դաշտի մէջ կարելի չէ խաղալ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչ Վարդան Մինասեան իր կարգին յայտարարած է, որ այս հանդիպման ընթացքին բոլորը տեսան այն հաւաքականը, զոր վարժուած էին տեսնել: Ըստ անոր, Մալթայէն պարտութիւն կրելէ ետք փոխուած էր մարզիկներուն հոգեբանութիւնը: «Ընկճուածութիւն կար, բայց այս խաղի ընթացքում ամէն ինչ փոխուեց, եւ գրանցուած խոշոր հաշուով յաղթանակը պատահական չէր»:
Արդիւնքին մասին խօսելով՝ Մինասեան յայտնած է, որ արդիւնքը իրեն համար անակնկալ էր, մինչդեռ խաղին մակարդակը՝ ոչ: Մինասեան դիտել տուած է, որ խումբը վճռական է շարունակելու պայքարը, որպէսզի կարելի եղածին չափ լաւ արդիւնք ապահովէ։
Հայաստանի ազգային հաւաքականի յարձակող գիծի մարզիկ Իւրա Մովսիսեան եւս խօսած է այս մասին։ «Չէի կարծում, որ կը կարողանանք յաղթել 4:0 հաշուով: Մենք ապացուցեցինք, որ ուժեղ հաւաքական ունենք: Սա յաղթանակ էր մեր երկրպագուների, մեր ազգի եւ մեր գլխաւոր մարզչի համար: Մալթայի ընտրանուն սեփական յարկի տակ զիջելուց յետոյ ենթարկուեցինք սուր քննադատութեան: Դա ողբերգութիւն էր: Սակայն հիմա ապացուցեցինք, որ ունենք կամքի ուժ: Հաւաքականում խաղալը մեզ համար մեծ պատիւ է: Մենք այստեղ հանդէս չենք գալիս յանուն փողի», յայտարարած է Մովսիսեան: