
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Libra-6 Productions, Inc.» կազմակերպութիւնը ձեռնարկած է «Վկայագրութիւններ» կոչուող ծրագիրի մը, որ կը միտի անգլերէնով հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէն ազատողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները՝ գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ:
«Libra-6 Productions, Inc.» Նիւ Եորք նահանգին մէջ արձանագրուած, ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային խնդիրներ կը հետապնդէ՝ թատրոնի, արուեստի եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով:
Տուեալ ծրագրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, Յունաստանի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը կապ հաստատած է կազմակերպութեան նորընտիր նախագահ տոքթ. Հրանդ Մարգարեանին հետ, Նիւ Եորք, եւ անոր հետ ունեցած է հետեւեալ հարցազրոյցը.
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ վկայութիւնները համախմբելու եւ հատորներով հրատարակելու գաղափարը:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Վերջին տարիներուն, քանի մը ծանօթներ, որոնք Եղեռնէն վերապրողներու զաւակներ են, որոշած էին իրենց գերդաստաններու՝ հօր, մօր, մեծ հօր, մեծ մօր պատմութիւնները գրի առնել՝ յատկապէս իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն համար: Առիթ ունեցայ կարդալու այդ պատումները: Անդրադարձայ, որ այս պատումները ո՛չ միայն անհատական արժէք ունին, այլ մեր Դատին համար մեծագոյն վաւերական արձանագրութիւններ են: Եթէ այս քանի մը հոգին գրած են իրենց գերդաստաններու մասին, արդեօք ուրիշներ ալ չկա՞ն, որոնք նման պատումներ ունին: Այդ եղաւ խթանը՝ ճիգ ընելու եւ փորձելու, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, հաւաքել այս խիստ կարեւոր վաւերագրութիւնները:
Ես ալ Եղեռնէն ազատած հօր եւ մօր վերջին զաւակն եմ: Հայրս, իր համագիւղացիներով ամէն գիշեր կը հաւաքուէին թղթախաղի՝ մեր տունը: Դադարներու պահուն էր, որ անոնք կը խօսէին իրենց անցած տառապանքի ճանապարհներէն: Մանուկի մը համար շատ կանուխ էր հասկնալու Եղեռնի բուն էութեան իմաստն ու խորհուրդը: Տարիներ անցան եւ հասունութեան հետ եկաւ գիտակցութիւնը՝ հետապնդելու անարգուած ազգի մը արդար Դատը եւ անոր հետ կապուած խնդիրները: Հրապարակային դասախօսութիւններով, գրութիւններով եւ, յատկապէս, թատերական գործերով կեանքիս մեծ մասը տրամադրեցի բազմերես Եղեռնի տարբեր խնդիրներուն:
Եղեռնը բարդ նիւթ է: Ան՝ անհատական, հաւաքական, ազգային, մարդկային, համամարդկային, ընկերային, հոգեբանական եւ քաղաքական մանրամասնութիւններով՝ բարդ եւ բազմերես խառնարան մըն է: Պիտի չըլլա՛յ որեւէ գրական երկ, պատմութեան գիրք, գեղարուեստական գործ, քաղաքական եւ ընկերային գիտաժողով, որ ներկայացնէ Եղեռնի բարդ ամբողջութիւնը: Անկարելի՛ է: Եղեռնը կը նմանի պատմութեան եւ գիտական այն պեղումներուն, որոնք անյատակ գանձեր կը պարունակեն: Որքան «նորութիւն»ներ դրսեւորուին, անոնց ետին նո՜ր նորութիւններ կը յայտնուին: Այդ իսկ պատճառով, ցարդ գրուած բազմաթիւ սքանչելի պատումներու եւ յուշագրութիւններու կողքին, կան բազմաթիւ պատումներ, որոնք կը սպասեն երեւան գալու: Մէկ ու կէս միլիոն «պատում»ներէն ինչ որ ալ փրկուի, մեր Դատին հետապնդման համար անկասկած դրական քայլ պիտի ըլլայ: Ահա այս մտահոգութիւններէն թելադրուած ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշերը միշտ դժուար եղած է ամփոփել գիրքերու կամ երիզներու մէջ: Մինչեւ հիմա քանի՞ աշխատանքներ կան, ուր կարելի եղած է անձնական վկայութիւներ ներառնել:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Ճիշդ է ձեր նշումը: Մինչեւ հիմա, Եղեռնէն ազատածներու յուշերը երկու հիմնական ձեւով ներկայացուած են. առաջինը՝ գրութիւններով եւ երկրորդը՝ ձայնագրութիւններով: Առաջինը, որ յուշագրութիւններ, առհասարակ անհատական նախաձեռնութիւններ եղած է: Վերապրողներն են, որոնք պահանջը ունէին իրենց տառապանքին բաժնեկից դարձնելու մեզ՝ յաջորդ սերունդներուն: Մեծ է թիւը իրենց յուշերը գրի առնողներուն: Դժուար է բոլորին անունները տալ: Մահացու մեղք պիտի ըլլայ, եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը մոռցուի: Կան նաեւ հաւաքական պատումներու գործեր: Այս մարզին մէջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Ներսէս վրդ. Բախտիկեանի խմբագրութեամբ, 1960ական թուականներուն, «Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի» հաւաքաշարը կարեւոր տեղ կը գրաւէ յուշագրութիւններու պահպանման մարզին մէջ: Անհատական նախաձեռնութիւններուն մէջ, Հայկազուն Եափուճեանի, (1965, Պէյրութ), Վերժինէ Սվազլեանի, (2000, Երեւան) գործերը ընդհանուր նիւթերու հետ միասին, կարեւոր յուշագրութիւններ կը պարունակեն: Սեդա Քիլէյճեանի (1985, Պէյրութ) գործը ուղղակի վերապրողներու յուշագրութիւն է: Գրաւոր հրատարակութիւններու կողքին, կան նաեւ ձայնագրուած բանաւոր արխիւներ: Այս մարզին մէջ, յատկապէս կարեւորագոյն արժէք ունի Զօրեան Ուսումնական կեդրոնի հաւաքածոն, ապա՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հաւաքածոն: Լսած եմ նաեւ, որ Հալէպի մէջ եղած են ձայնագրութիւններ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչո՞վ պիտի տարբերի «Վկայութիւններ»ու ձեր նախաձեռնութիւնը:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Վկայագրութիւնները հիմնուած պիտի ըլլան յուշագրութիւններու վրայ: Ընդհանուր գիծերու մէջ, կարելի է զուգահեռներ գծել յուշագրութիւններու եւ վկայագրութիւններու միջեւ, բայց նպատակի եւ բովանդակութեանց մանրամասնութիւնները կը տարբերին:
Մեր կատարելիքը «վկայագրութիւն» է, որուն բուն մօտեցումը հետեւեալն է.
ա.- Մեզի ղրկուած յուշագրութիւնները պիտի վերանայինք, ընտրենք պատահարները եւ ժամանակագրական շարադրութեամբ՝ ազգային դատական հարցի համար փաստագրական թղթապանակ պատրաստենք, այլ խօսքով՝ «վկայագրութիւն»:
բ.- «Վկայագրութիւններ»ը զերծ պիտի ըլլան՝ ազգագրական ուսումնասիրութենէ, մշակութային վեհութիւններ, սովորոյթներ, ասացուածքներ յիշելէ:
գ.- «Վկայագրութիւններ»ը գեղարուեստական երկ պիտի չըլլան, այսինքն բանաստեղծութիւն, վէպ պիտի չտպենք:
դ.- «Վկայագրութիւններ»ը զերծ պիտի ըլլան նաեւ ընդհանուր տեսութիւններ արծարծելէ, քաղաքական կամ այլ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելէ:
է.- Գիրքը պիտի պարունակէ նաեւ, գրութիւններուն մէջ գործածուած բոլոր վայրերու յամառօտ պատմականը, ուր յատկապէս պիտի նշուին այդ վայրին մէջ ապրած հայերու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու թիւերը, անցեալին եւ ներկայիս:
զ.- Պիտի ցանկագրուին հայկական վայրերը՝ անոնց ներկայի թրքական անուանափոխութիւններով:
է.- Համառօտ ձեւով պիտի տանք օտար կազմակերպութիւններու կատարած որբահաւաքի եւ որբանոցներու գործերը:
Ուրեմն, «վկայագրութիւններ»ը պիտի պարունակեն Եղեռնի հետ անմիջականօրէն կապուած դէպքերու հում նիւթերը, շարահիւսական կառոյցով, ինչպէս նաեւ այդ դէպքերուն հետեւանքները:
Կը յուսանք, որ հաւաքական այս վկայագրութիւնները պատկան մարմիններուն համար, իրական դէպքերու պատումով, դատապարտող փաստացի արձանագրութիւններ կ՛ըլլան: Կը խորհինք այս մօտեցումով, մեր ազգային Դատի այս հանգրուանին անոր նպաստած ըլլալ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ձեր ծանուցումին ընդառաջողներ եղա՞ծ են ցարդ:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Բարեբախտաբար, այո՛: Մեծ թիւով գրութիւններ ստացած ենք հետեւեալ երկիրներէն՝ ԱՄՆի տարբեր նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Անգլիայէն: Կը հաւատանք, դեռ բազմաթիւ յուշագրութիւններ կան, որոնք կը սպասեն հրատարակուելու: Մեր խնդրանքն է՝ բոլոր անոնք, որոնք յուշեր ունին, առաքեն մեզի իրենց գրութիւնները, որովհետեւ ժամանակը իր աւերը կը գործէ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Դիմումը ուղղուած է վերապրողներու ժառանգորդ՝ յաջորդ սերունդի զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք մեծերու յիշատակներու պատմումներուն վրայ յենուած աշխատանք պիտի ներկայացնեն: Վաւերական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն այս վկայութիւնները:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Նոյն մտահոգութիւնը մենք ալ ունէինք: Սակայն նկատեցինք, որ մեզի յղուած գրութիւնները երկու մակարդակի վրայ են: Մեծ մասը ուղղակի՛ անհատական արձանագրութիւններ են նոյնի՛նքն Եղեռնէն վերապրողներու կողմէ: Անոնք իրենց յուշերը գրի առած են ատենին եւ առիթը չեն ունեցած հրատարակելու: Բարեբախտաբար իրենց զաւակները եւ երբեմն ալ թոռները մասունքի պէս պահած են այս յուշագրութիւնները: Մենք, փափկանկատութեամբ, այդ բնագիրներուն կրկնօրինակները կը խնդրենք միայն: Բնագրերը, որպէս յիշատակ, կ՛ուզենք որ գերդաստանը պահէ: Նոյնիսկ կը թելադրենք, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան ղրկեն:
Մեր ստացածներու երկրորդ մասը ազատուածներու զաւակներուն պատումներն են: Այս վերջիններու պարագային, նշուած դէպքերուն թուականները, վայրերը, յաջորդականութիւնը կը ստուգուին, բաղդատականը կ՛ընենք այլ պատումներուն մէջ նշուած թուականներուն հետ: Կը հաւատանք, որ վերապրողներուն զաւակները իրենց ծնողաց ցաւին ուժգնութիւնը հարազատօրէն կ՛արտայայտեն: Տարօրինակօրէն, դէպքերը շատ յաճախ այնպիսի մանրամասնութեամբ նկարագրուած են, որ կարծէք ականատես մըն է գրողը:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ճի՞շդ է ենթադրել, թէ այս հրատարակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ժամկէտով նախատեսուած է:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ, ոչ: Մեր հասկացողութեամբ, Եղեռնի կարեւորութիւնը եւ ահաւորութիւնը ամեակներով չէ՛, որ պիտի ճշդուի: Եղեռնը Եղեռն էր երէ՛կ, այսօ՛ր եւ վա՛ղը: Պիտի դադրի՞նք մեր չլուծուած եւ անտեսուած Հարցը հետապնդելէ հարիւրամեակէն ետք: Ո՛չ: Այնքան ատեն, որ թրքական կառավարութիւնը չէ ընդունած իր նախորդ կառավարութիւններուն ոճիրը, այնքան ատեն որ արդար հատուցում չէ եղած հայ ժողովուրդին, այնքան ատեն, որ մենք կը մնանք պահանջատիրական դերին մէջ:
Կը խորհինք նաեւ, որ մենք ազգային պարտականութիւն ունինք մեզ նախորդող սերունդին նկատմամբ, որովհետեւ անոնց կեանքերը մեր ազգային հոլովոյթին մաս կը կազմեն, հայոց պատմութիւնը ձեւաւորող մասնիկներ են:
Այս բոլորը կը բխին այն գիտակցութենէն որ «Ամէն հայ՝ նահատակ մը ունի իր հոգւոյն մէջ»: Հաւաքական այդ նահատակները անհանդարտ են եւ մեզի կը մղեն պայքարելու, յարատեւելու եւ իրականացնելու անոնց անկատար տենչերը, իղձերն ու երազները:
Շնորհակալութիւն այս առիթին համար: Կը յուսամ, այս լուսաբանութիւնները առիթ կ՛ընծայեն, որ Ձեր եւ այլ շրջաններէ պատումները բազմանան:
———————————————————————————————————————-
Վկայագրութիւն-Հրաւէր Եղեռնի Զոհերու Եւ Վերապրողներու Ժառանգորդներուն

Գրութիւնները հայերէնով կամ անգլերէնով կրնան ըլլալ:
Կարելիութիւն չունինք այլ լեզուներէ թարգմանելու: Գրութիւնները կարելի է յղել հետեւեալ ել-հասցէին՝
libra6testimonies@yahoo.com
Կը խնդրենք նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.
1.- Գրութիւնները պէտք է անձնական պատումներ ըլլան:
2.- Նշել զոհերուն, վերապրողներուն անունները, ծննդավայրերը, աքսորի ճանապարհը:
3.- Գրութիւնները՝ 1-15 էջ, կրնան ըլլալ անգլերէն կամ հայերէն. թարգմանութիւնը անվճար է:
4.- Քաջալերելի է ղրկել ընտանեկան կամ անհատական նկարներ, քարտէսներ:
5.- Վաւերականութեան համար գրողները պէտք է ներկայացնեն իրենց յամառօտ կենսագրական գիծերը, անունն ու մականունը, հասցէն, հեռախօսի թիւը, ե-հասցէն:
6.- Գրութիւնը ընդունելու կամ մերժելու որոշումը վերապահուած է «Libra-6»ին:
7.- Նիւթական յատկացում պիտի չկատարուի ոեւէ գրողի:
8.- Հրատարակութիւնը կ՛արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն համաձայն եւ գիրքէն օրինակ մը կը նուիրուի անձին: