
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նոր բնակարաններու բանալիներ յանձնած է Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան անդամ, օփերային մեներգչուհի Իրինա Զաքեանին եւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի մենակատար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Գէորգեանին:
Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ շնորհաւորելով արուետագէտները՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան բարձր գնահատած եւ կարեւոր նկատած է անոնց գործունէութիւնը հայ մշակոյթն ու կատարողական արուեստը արտերկրի մէջ ճանաչելի դարձնելու իմաստով: «Քաղաքապետարանը պատրաստ է մշտապէս աջակցելու բոլոր այն մարդկանց, ովքեր իրենց ներդրումն ունեն հայ մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ մշակութային կեանքի աշխուժացման գործում», նշած է Տարօն Մարգարեան՝ մաղթելով արուեստագէտներուն ստեղծագործական նորանոր ձեռքբերումներ:
Իրինա Զաքեանն ու Տիգրան Գէորգեանը շնորհակալութիւն յայտնած են՝ իրենց վաստակի գնահատման:
Նշենք, որ Երեւանի աւագանին 15 Յունիսի նիստին միաձայնութեամբ որոշում տուած է Երեւան համայնքի սեփականութիւն համարուող բնակարանները տրա-մադրել Իրինա Զաքեանին եւ Տիգրան Գէորգեանին՝ ստեղծագործելու համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով: