ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանն ու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռընոն 19 Յունիսին ստորագրած են կրթական համագործակցութեան յուշագիր՝ Երեւանի Բ. Ժամկոչեանի անուան թիւ 119 աւագ դպրոցին մէջ ֆրանսերէնի խորացուած ուսուցում եւ լրացուցիչ ֆրանսախօսական ծրագիր իրականացնելու վերաբերեալ: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ծրագիրը ներկայացուցած եւ անոր կարեւորութեան անդրադարձած է. «Մենք Ֆրանսայի կառավարութեան հետ համատեղ սկիզբ ենք դնում Հայասատում ֆրանսիական լիցեյի հիմնադրման եւ կայացման գործընթացին: Այս փուլում թիւ 119 աւագ դպրոցում ֆրանսերէնի խորացուած ուսուցմամբ դասարան կը ձեւաւորուի, զուգահեռ աշխատանքներ կը տարուեն կրթութեան բովանդակութեան ձեւաւորման, մասնագէտ-ուսուցիչների վերապատրաստման եւ Հայաստանի հանրակրթութեան ոլորտի ֆրանսերէնի դասաւանդման լաւագոյն փորձը կենտրոնացնելու ուղղութեամբ», յայտնած է նախարարը եւ աւելցուցած, որ դպրոցի լաւագոյն շրջանաւարտները, ըստ համաձայնագիրին, բացի Հայաստանի հանրակրթական դպրոցի աւարտական վկայականէն, պիտի ստանան նաեւ ֆրանսական կողմէ տրուած համապատասխան վկայական, որ պիտի հաստատէ աշակերտի լեզուական իմացութեան համապատասխան մակարդակը:
Նախարարը նաեւ շեշտած է, որ ֆրանսական բարձրագոյն վարժարաններու շրջանաւարտները այսպիսով կարելիութիւն պիտի ունենան ընդունուելու Ֆրանսայի լաւագոյն համալսարանները:
Դեսպան Հանրի Ռընոն եւս կարեւոր նկատեց այս նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ իր գործունէութեան երկու տարիներու ընթացքին արդէն երրորդ համաձայնագիրն է ասիկա՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ: Դեսպանը նշած է, որ այսպիսով արդէն իսկ կը դրուի ֆրանսական բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան առաջին քարը՝ դիտել տալով, որ անիկա կրնայ առաջնորդել այլ աւելի զարգացած ծրագիրներու։ Դեսպանը տեղեկացուցած է, որ ֆրանսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է լաւագոյն աշակերտներուն համար սահմանել կրթաթոշակներ, ինչպէս նաեւ ստանձնած է ֆրանսերէնի խորացուած ուսուցման կազմակերպումն ու ֆրանսերէն դասաւանդողներու վերապատրաստումը:
Նախատեսուած է դպրոցին մէջ ուսուցանել «Ֆրանսերէն լեզու» եւ «Ֆրանսերէն գրականութիւն» առարկաները՝ իբրեւ հիմնական նիւթեր, ինչպէս նաեւ «Ֆրանսայի պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն», «Ֆրանսական քաղաքակրթութիւն» առարկաները՝ իբրեւ լրացուցիչ դասեր։
Ծրագիրը պիտի սկսի տարեկան մէկ դասարանէ՝ մէկ մակարդակ ներդնելու սկզբունքով 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ: Ֆրանսական կողմը պարտաւոր է աջակցիլ կրթական ծրագիրի մշակման ու իրագործման՝ ապահովելով անհրաժեշտ մեթոտական աջակցութիւն, ծրագիրներու շարունակականութիւն, դասաւանդողներու պարբերաբար վերապատրաստումները՝ ֆրանսախօս միջավայրի մէջ:
Աւարտողներուն պիտի տրուին համապատասխան հաստատագիրներ եւ վկայականներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.