
ՍԱՅՏԱ, «Տէյլի Սթար», «Ազդակ».- Թրիփոլիէն եւ հիւսիսային Պեքաայէն ետք, ապահովական խախտումները Երեքշաբթի, Յունիս 18ին թիրախ դարձուցին Սայտան, որուն ապահովական իրավիճակը արդէն իսկ դիւրաբեկ էր: Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդները կանխամտածուած կերպով ստեղծեցին լարուած վիճակ մը, որուն ընթացքին անոնք սկսան կրակոցներու, ապա նռնակներու արձակման եւ ձեռնառումբերու գործածութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը փողոցներ եւ մայրուղիներ փակելու քայլերուն: Արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ հինգ վիրաւոր:
Մինչ որոշ աղբիւրներու համաձայն բախումներ արձանագրուած են շէյխ Ասիրի զինեալներուն եւ «Հըզպալլա»ի համակիր զինեալներուն միջեւ, կացութիւնը զսպելու համար արագօրէն միջամտած լիբանանեան բանակը նշեց, թէ «Սայտայի մէջ արձանագրուած ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով, Ապրայի մէջ զինեալներ կրակ բացած են եւ քաղաքացիներ վիրաւորած»:
Սակայն, ինչ ալ ըլլայ իրականութիւնը, Սայտայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը շրջանի բնակչութիւնը սարսափահար դարձուցած է եւ պատճառ դարձած, որ շրջանի բոլոր վաճառատուները փակուին:
«Հըզպալլա»ի ընդդիմացող շէյխ Ասիր անցեալ Ուրբաթ օրուան քարոզին մէջ յայտարարած էր, թէ «պատերազմը ժամերու հարց է»:
Շէյխ Ասիրի զինեալները զսպելու նպատակով, բանակի հրամանատարութիւնը յաւելեալ ուժեր ուղարկեց Սայտա եւ հակակշռեց կացութիւնը՝ հակադարձելով կրակոցներուն եւ անցարգելներ զետեղելով Սայտայի բոլոր մուտքերուն:
Նշենք, որ Սայտայի հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւնները նպաստած են կացութիւնը զսպելու բանակի ջանքերուն, որոնց շնորհիւ Երեքշաբթի գիշեր զգուշաւոր հանդարտութիւն մը կը տիրէր Սայտայի մէջ: