Հեղինակաւոր «Ֆորէյն Փալըսի» թերթի կայքին վրայ Էլայըս Կրոլ անդրադարձած է «Մեծ ութեակ» գերաստիճանի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խաղացած դերին՝ նշելով, որ ան գերիշխող դիրք մը ունեցած է, յատկապէս Սուրիոյ գծով քննարկումներուն ընթացքին:
Յատկանշական է, որ Փութին յայտարարած էր, թէ ինքզինք առանձինն չէ զգացած այս կարեւոր նիստին ընթացքին:
«Ահա թէ ի՛նչ հետեւանքներ ունեցաւ սուրիական հակամարտութեան լուծման դիւանագիտական գործընթացը. Սուրիոյ մէջ զոհուած է 93 հազար անձ, մօտաւորապէս 6 միլիոն սուրիացիներ լքած են իրենց երկիրը, սակայն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ սեւեռած է Փութինի վրայ», կը գրէ յօդուածագիրը՝ նշելով, որ Փութին դարձած է նմանօրինակ գագաթնաժողովներու մէջ «անառակ տղայ»ի խաղի վարպետ։ Այս անգամ, ան դէմ արտայայտուած է սուրիացի ապստամբները զինելու առաջարկին՝ ապստամբները անուանելով «մարդակեր»ներ։
«Նիւ Եորքըր» եւս կը գրէ, թէ Փութին գերիշխող դեր ունէր գագաթնաժողովին ընթացքին, որովհետեւ, «ի տարբերութիւն միւս ղեկավարներուն՝ ան յստակ կերպով գիտէր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ եւ ինչե՛ր ընելու պատրաստ է՝ իր նպատակներուն հասնելու համար։ Սուրիոյ պարագային, Փութին կը շարունակէ ռուսական հին քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զսպել Ամերիկայի ու Բրիտանիոյ ազդեցութիւնը»։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քուէյթեան «Քոնայ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովը սուրիական վարչակարգը տապալելու նպատակով չի կազմակերպուիր՝ աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք չէ ժողովին մասնակցելու նախապայմաններ ճշդէ: Լաւրով ընդգծած է նաեւ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի եւ «մարդասիրական միջանցքներ» ստեղծելու կոչերը խորհրդաժողովի գումարման ջանքերուն չեն նպաստեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.