Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներու, հիւրերու եւ ճամբարի մեծ ընտանիքին, Երկուշաբթի, Յուլիս 15ին, կ.ե. ժամը 1ին, նուիրագործումը պիտի կատարուի «Գերաշնորհ Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան Ամառնային Ճամբար»ին:
Առ ի գիտութիւն, 1964ին առաջնորդարնի ամառնային ճամբարի հիմնադիրը եղած է այդ օրերու առաջնորդ Թորգոմ եպս. Մանուկեան: Ներկայ ճամբարը («Camp Hye Sierra») գնուած է 1987ին՝ այդ օրերու առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի ջանքերով, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 1988ին: 2003էն ետք, առաջնորդ Տէրտէրեանի ջանքերով կարգ մը բարելաւումներ կատարուած են հոն:
Այս տարի եւս ճամբարը տեղի պիտի ունենայ չորս շաբաթներու ընթացքին, ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցին. Առաջին շաբաթ՝ Յուլիս 14-20, երկրորդ շաբաթ՝ Յուլիս 21-27, երրորդ շաբաթ՝ Յուլիս 28էն Օգոստոս 3 եւ չորրորդ շաբաթ՝ Օգոստոս 4-10:
Առաջնորդն ու հոգեւոր հովիւները հերթաբար ներկայ պիտի գտնուին ճամբարին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.