ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Յունուար-Մայիս ամիսներուն Հայաստանի ներածումները կազմած են 1.6 միլիառ տոլար՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով նուազելով 2.6 տոկոսով: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը՝ հիմնուելով վերջին տուեալներուն վրայ:
Յունուար-Մայիսին արտածումները աւելցած են 9.2 տոկոսով եւ կազմած 561 միլիոն տոլար:
Այսպիսով, Յունուար-Մայիսին Հայաստանի արտաքին առեւտուրի բացասական հաշուեկշիռը կազմած է 1.07 միլիառ տոլար՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով նուազելով 4.1 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.