ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի չորս անդամներ Հինգշաբթի, Յունիս 20ին բանաձեւ մը ներկայացուցած են՝ դէմ դնելու համար Սուրիոյ ըմբոստներ զինելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի քայլերուն:
Դեմոկրատներ Թամ Եուտալ եւ Քրիս Մըրֆի, ինչպէս նաեւ հանրապետականներ Մայք Լի եւ Ռենտ Փօլ, կը շեշտեն, թէ կառավարութիւնը բաւարար երաշխիքներ չէ տուած, որ ամերիկեան զէնքերը «Քայիտա»ի ուժերուն ձեռքը պիտի չհասնին, եւ թէ այդ պայմաններուն տակ յոյժ վտանգաւոր կը նկատեն ըմբոստներուն զինումը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Արեւմուտքին հետ Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ տարակարծութիւնը կը վերաբերի «լուծման միջոցներուն եւ ոչ թէ վերջնական նպատակներուն»՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա Սուրիոյ մէջ Իրաքի իրադարձութեանց կրկնութիւնը չ՛ուզեր:
Լաւրով «Ռուսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները Մոսկուային յայտնած են, թէ «Ութերու խմբակ»ի յանձնարարականներուն համաձայն են՝ վերահաստատելով «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը, միաժամանակ նշելով, որ արեւմտեան պետութիւնները վստահ չեն, թէ կրնան սուրիական ընդդիմութիւնը համոզել խորհրդաժողովին մասնակցելու:
Ան ըսաւ, որ Մոսկուա կասկած չունի, որ դէպի Սուրիա զէնքի մատակարարման պարագային, ահաբեկչական «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութիւնը պիտի ստանայ արեւմտեան զէնքերը, նշելով, որ այդ կազմակերպութիւնը ընդդիմութեան մէջ ամէնէն ազդուն է եւ որ Սուրիա ուղարկուած զէնքերուն մեծամասնութիւնը այդ կազմակերպութեան ճամբով պիտի բաժնուի: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Իրան պէտք է մասնակցի «Ժընեւ 2»ի աշխատանքներուն՝ ողջունելով այս ուղղութեամբ ֆրանսական կեցուածքին փոփոխութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.