
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Հայաստանի բանակի սպայ, զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի մահուան տարելիցին առիթով 29 Յունիսին՝ ժամը 19:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի մոմավառութիւն, որուն պիտի յաջորդէ բողոքի երթ՝ Աւան թաղամասին մէջ:
«Յորդորում ենք ձեր ներկայութեամբ յարգել Վահէ Աւետեանի յիշատակը եւ միանալ քրէաօլիգարխիկ համակարգի բռնութեան հակամշակոյթի հանդէպ հանրային համատարած մերժման, պարսաւանքի եւ անհանդուրժողականութեան շարժմանը», նշուած է «Վահէ Աւետեան» հասարակական շարժման նախաձեռնող խումբին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: