
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Լէյզըրները՝ գիտական երեւակայութենէն իրականութիւն» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յուլիս 11ին, կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան: Օրուան բանախօսն է դոկտ. Յակոբ Ինճէյեանը, որ «Hughes Aircraft» ու «Northrop Grumman» ընկերութիւններէն հանգստեան կոչուած գիտական մըն է ու այցելու դասախօս՝ Փասատինայի համայնքային համալսարանի ու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ (117 South Louise Street, Glendale, CA 91205), երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է:
Գիտական երեւակայական շարժապատկերէն ներկայի ամէնօրեայ գործիքներուն մաս կազմող լէյզըր ճարագայթներուն պատմականը ներկայացնելու կողքին, դոկտ. Յակոբ Ինճէյեան պիտի խօսի նաեւ լէյզըրի տարբեր տեսակներուն եւ գործածութեան զանազան ոճերուն մասին՝ սկսելով սեղմ սկաւարակներէն ու հասնելով մինչեւ բժշկական բարդ գործիքներու եւ արդիական զէնքերու մէջ անոր դերակատարութեան:
«Hughes Aircraft» եւ «Northrop Grumman» ընկերութիւններուն մէջ իր 32 տարիներու ասպարէզին ընթացքին, դոկտ. Ինճէյեան լէյզըրները ուսումնասիրած եւ անոնց օգտագործումը զարգացնելու նպատակով աշխատանք տարած է. ան այդ մարզի մասնագէտներէն մէկը կը նկատուի: «Քուանթըմ» ելեկտրականութեան ճիւղին մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ: Ան արձանագրած է 26 գիւտեր եւ հեղինակն է զանազան ուսումնասիրութիւններու. երկու առիթներով ստացած է «Northrop Grumman» ընկերութեան «Տնօրէնի նորարութեան մրցանակ»ը: Դոկտ. Ինճէյեան նաեւ համահեղինակն ու համախմբագիրն է վերջերս լոյս տեսած «High Power Laser Handbook» դասագիրքին:
Կլենտէյլի մէջ 1983ին հաստատուած Ամերիկահայ ճարատարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ գլխաւորաբար կը զբաղի աշխարհի տարածքին գործող հայ ճարտարագէտներու, գիտնականներու եւ այլ արհեստավարժներու հարցերով: Ընկերակցութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը: