ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ պուրակներէն մէկը կոչուեցաւ «Հայկական պուրակ»: Անուանակոչման եւ պուրակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան նաեւ պաշտօնական այցելութեամբ Լեհաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, անոր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մաս կազմող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու պատուիրակութեան միւս անդամները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ պուրակի անուանակոչման որոշումը տրուած էր Վարշաւիոյ քաղաքային խորհուրդին կողմէ՝ ի նշան հայ-լեհական դարաւոր բարեկամութեան:
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրը օծած է պուրակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նուէրն է Վարշաւիա քաղաքին:
Վարշաւիոյ քաղաքապետ Հաննայ Կրոնքեւիչ Վալցը՝ որպէս հանդիսաւոր արարողութեան բարի յիշատակ, քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին նուիրած է «Հայկական պուրակ» արձանագրութեամբ ցուցատախտակը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով պուրակը այդ անունով կոչելու նախաձեռնութեան եւ նուէրին համար՝ Տարօն Մարգարեան մաղթած է, որ օծուած խաչքարի զօրութեամբ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս կ՛ըլլայ հայ եւ լեհ ժողովուրդներուն վրայէն:
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ջերմ մթնոլորտի մէջ տեսակցութիւն ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, լսած է անոնց բարեմաղթութիւններն ու առաջարկները: Քաղաքապետը համայնքի ներկայացուցիչներուն յայտնած է, որ Երեւանի եւ Վարշաւիոյ միջեւ ստորագրուած է «Մտադրութիւններու յուշագիր», ինչ որ կ՛ենթադրէ երկու քաղաքներուն միջեւ առաւել սերտ համագործակցութիւն։ Առիթէն օգտուելով՝ ան հայ համայնքին առաջարկած է աշխոյժ կերպով ներգրաւուիլ իրականանալիք ծրագիրներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.