ՄԱԿի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք քննադատեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով օգնական Ֆերնանտեզ Թրանքօն՝ արաբ-իսրայէլեան տագնապին վերաբերեալ ընդհանուր քարտուղարութեան տրուած լիազօրութեան հիմամբ Միջին Արեւելքի կացութիւնը ամբողջական կերպով չարծարծելուն, ինչպէս նաեւ Կոլանի մէջ վերջին զարգացումները անտեսելուն համար։
Ժաաֆարի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թրանքօ «Կոլանի մէջ ֆիլիփինեան ուժերու անդամները առեւանգելու համար Քաթարի ահաբեկիչներուն տուած ցուցմունքներու» հարցը անտեսելով՝ «ընդհանուր քարտուղարութեան նոյն սխալը կրկնեց»։
Ան նշեց, որ Թրանքօ անտեսած է այն իրողութիւնը, որ Դամասկոս ինքն էր, որ Հալէպի Խան Ասալ շրջանին մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցին շուրջ հետաքննութիւն պահանջեց, եւ որ կ՛ողջունէ Աքի Ալիսթրոմի ղեկավարութեամբ հետաքննիչ յանձնախումբի ժամանումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.