ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յուլիս 12ին, Ամերիկայի հայկական խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին դոկտ. Հերի Սարաֆեան պիտի խօսի սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Հայերէնով մատուցուելիք սոյն դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 8ին: Մուտքը ազատ է:
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E. Harvard St.:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.