
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկայի հայկական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Հայ Կրթական Բարեգործական Միութեան Փասատինայի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցած է համայնքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին շրջանի հայութիւնը առիթն ունեցած է մօտէն ծանօթանալու Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքայի հետ:
Ձեռնարկին բացումը կատարած է Սեւակ Խաչատուրեան, իսկ Պաքան բեմ հրաւիրած է Թաթէոս «Թետ» Քորօղլեան:
Պաքա դրուատած է ամերիկահայութեան, յատկապէս օրուան ձեռնարկի կազմակերպիչ խորհուրդին ու ՍԴՀԿի տարած կրթական, քաղաքական ու մշակութային աշխատանքը՝ կոչ ընելով համայնքի անդամներուն, որ միանան գաւառի ոստիկանութեան շարքերուն: Ան անգամ մը եւս հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, թէ իբրեւ ոստիկանապետ Միացեալ Նահանգներու ամենաշատ բնակչութիւնը ունեցող գաւառին, ուր կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր, ինք եւս կրնայ Անգարայի ու հայկական համայնքին միջեւ միջնորդի դեր կատարել:
2014ին, հինգերորդ անգամն ըլլալով ոստիկանապետի պաշտօնին ընտրուելու պայքարին պատրաստուող Պաքա մօտիկ կապեր ունի շրջանի հայութեան հետ, եւ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ պսակուած էր: