
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- 19 Յուլիսին Արցախի բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն հետ կատարուած է գումարտակային մարտավարական զօրավարժութիւն, որուն զուգահեռ կատարուած է մարտական հրաձգութիւն:
«Ուժեղացուած գումարտակի պաշտպանութեան անցնելը սպառնալից ժամանակաշրջանում: Պաշտպանողական մարտի վարումը եւ մխրճուած հակառակորդի ջախջախումը մօտեցած ռեզերվների հետ համատեղ» նիւթով կատարուած է զօրախաղերու եզրափակիչ հանգրուան, որուն կը հետեւէր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Մովսէս Յակոբեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են. «Հերթական քառափուլ զօրավարժութեան ընթացքում տարբեր օղակների հրամանատարներին ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու, մարտական խնդիրների կատարման ընթացքում անձնակազմի առաւելագոյնս ներդաշնակ գործողութիւնների հասնելու հնարաւորութիւն է տրուել: Զօրավարժութեան ընթացքում անձնակազմը արձանագրել է լաւ արդիւնքներ, ինչն ապացուցում է, որ պաշտպանութեան բանակի զօրամասերն ունակ են բարձր մակարդակով կատարել իրենց առջեւ դրուող ցանկացած մարտական խնդիր, ինչն էլ, իր հերթին, հաւանական մարտական գործողութիւններում յաղթելու կարեւորագոյն գրաւական է»։