ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման ազգային ծրագիրի համակարգման միջգերատեսչական յանձնաժողովը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ ընկերային կարգ մը խնդիրներու լուծման: Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է «Բազմազաւակ մայրերի աջակցութեան միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Մարգարիտա Յովսէփեանը: Անոր համաձայն, միաւորումը միջգերատեսչական յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած երկու հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկն է: «Երկու տարուայ աշխատանքի արդիւնքում մենք կարողացանք վստահութիւն ներշնչել մեր կազմակերպութեան նկատմամբ, եւ այն ընդգրկուեց նոր ձեւաւարուած միջգերատեսչական յանձնաժողովում: Կը փորձենք համագործակցել յանձնաժողովի անդամ գերատեսչութիւնների հետ՝ բարձրաձայնելով բազմազաւակ ընտանիքների խնդիրները: Կը փորձենք նաեւ լրացնել օրէնսդրական այն բացը, որ կայ բազմազաւակ ընտանիքներին առնչուող հարցերում», յայտնած է Յովսէփեան:
Ան դիտել տուած է, որ յանձնաժողովի անդամները մաս կը կազմեն այն գերատեսչութիւններուն, որոնց աշխատանքը անմիջական կերպով կապուած է կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ ընկերային հարցերու:
Մարգարիտա Յովսէփեան համոզուած է, որ բազմազաւակ ընտանիքներուն խնդիրները կապուած են նաեւ մարդկոց մտածելակերպին հետ: Անոր համաձայն, շատեր կը խուսափին աշխատելէ ոչ թէ այն պատճառով, որ չեն կրնան աշխատել, այլ որովհետեւ կը սպասեն պետութեան կամ բարերարներու օգնութեան: «Ինչ խօսք, պետութիւնը եւս պէտք է օգնի, սակայն մարդիկ չպէտք է սպասեն, որ ինչ որ մէկը կարող է գալ եւ դուրս բերել իրենց այդ իրավիճակից: Կարեւոր է, որ մարդիկ հաւատան իրենց ուժերին: Յանձնաժողովում առաջարկելու ենք ստեղծել ինքնազարգացման կենտրոն, որտեղ բազմազաւակ ընտանիքի անդամները կը կարողանան ձեռք բերել մասնագիտացում: Բազմազաւակ ընտանիքի համար աւելի մեծ օգնութիւն կը լինի ստանալ մասնագիտացում, դառնալ վարսավիր, դերձակ կամ տիրապետել որեւէ այլ արհեստի, որը յետագայում անհրաժեշտ կը լինի գումար աշխատելու համար», յայտնած է Յովսէփեանը: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ իրաւաբանական եւ հոգեբանական օգնութիւնը, քանի որ անոնք յաճախ չեն կրնար պաշտպանել իրենց շահերը:
«Բազմազաւակ մայրերի աջակցութեան միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած են բազմազաւակ ընտանիքներ, ինչպէս Երեւանից, այնպէս էլ Հայաստանի տարբեր մարզերից: Կազմակերպութիւնը գործում է 2011 թուականից, դրա անդամ են 32 ընտանիքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.