ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գլխաւորութեամբ կազմուած է աշխատանքային խումբ մը, որ Հայաստանի կառավարութեան պիտի ներկայացնէ Հայրենասիրական դաստիարակութեան հայեցակարգի նախագիծ մը եւ անկէ բխող «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների հայրենասիրական դաստիարակութեան 2014-2019թթ պետական ծրագիր»ը:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ աշակերտներուն համար հայրենասիրական դաստիարակութեան գործընթացի իրականացման ծիրին մէջ նախարարութիւնը Հայաստանի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 1 Սեպտեմբերին աւանդաբար կը կազմակերպէ «Գիտելիքի օրուայ առաջին դասը վարում են ազատամարտիկները» խորագիրով բաց դասեր։ Ուսումնական տարուան ընթացքին նաեւ կը կազմակերպուին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ եւ հանդիպումներ, «Նախնական զինուորական պատրաստութիւն» նիւթին առնչուող բաց դասեր՝ ազատամարտիկներու մասնակցութեամբ: Պարբերաբար կը կազմակերպուին ուսանողներու եւ դպրոցականներու երթեր դէպի Եռաբլուր եւ Յաղթանակի զբօսայգի՝ յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին: Հայաստանի կարգ մը հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններ եւ լսարաններ կոչուած են Հայաստանի հերոսներու եւ ազատամարտիկներու անուններով:
Ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կը գործեն փառքի սրահներ եւ ազատամարտիկներու թանգարաններ, ուր պարբերաբար կը կազմակերպուին հայրենասիրութեան դասապահեր եւ նախաձեռնութիւններ: Հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւնները ունին նաեւ ուսումնաօժանդակ սարքեր եւ նիւթեր՝ ազգային հերոսներու, Ղարաբաղեան պատերազմի հերոս-ազատամարտիկներու, կին ազատամարտիկներու պաստառներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային հերոսներու կեանքի եւ գործունէութեան մասին պատմող տեսասկաւառակներ, մասնաւորապէս, «Գեղազնիկ Միքայէլեան», «Թաթուլ Կրպէեան», «æիւան Աբրահամեան», «Մովսէս Գորգիսեան», «Մոնթէ Մելքոնեան» ժապաւէններ:
«Պետութեան կողմից կրթութեան բնագաւառում սահմանուած են նաեւ արտօնութիւններ, որոնցից օգտւում են ազատամարտիկները եւ նրանց ընտանիքի անդամները, մասնաւորապէս, ազատամարտիկների դպրոցական տարիքի երեխաները կարող են անվճար ուսուցում ստանալ արտադպրոցական կրթադաստիարակչական հաստատութիւններում (մարզադպրոցներ, արուեստի դպրոցներ, գեղագիտական եւ մանկապատանեկան կենտրոններ), ինչպէս նաեւ ամառային անվճար հանգիստ անցկացնել Ծաղկաձորի եւ Հանքաւանի առողջարարական ճամբարներում: Արտօնութիւններ են սահմանուած նաեւ ազատամարտիկների աւագ տարիքի երեխաների համար, մասնաւորապէս, Հայաստանի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած (մահացած) եւ առաջին խմբի հաշմանդամ դարձած զինծառայողների երեխաները, ժամկետային զինուորական ծառայութեան պարտականութիւնները կատարելիս հաշմանդամ դարձած քաղաքացիները, առնուազն անցումային միաւորներ հաւաքելու դէպքում, մրցոյթից դուրս, ընդունւում են միջին եւ բարձրագոյն մասնագիտական պետական ուսումնական հաստատութիւններ, պահուստային տեղերի հաշուին, անվճար ուսուցման համակարգ: Պետութեան կողմից սահմանուած է նաեւ, որ պարտադիր ժամկետային զինուորական ծառայութիւնից զօրացրուած քաղաքացիների զօրացրուելուց յետոյ՝ երեք տարուայ ընթացքում, ընդունելութիւնն իրականացւում է պետական ուսումնական հաստատութիւններ, մրցոյթից դուրս պետական պատուէրի շրջանակներում, ուսումնական հաստատութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմից՝ ըստ մասնագիտութիւնների յատկացուած տեղերում», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.