ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման»ը կը հաղորդէ, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ անցած շաբաթավերջին անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Թուրքիա, թուրք սուրիական սահմանին վրայ բախումներու հարցով քննարկումներ կատարելու նպատակով: Անգարայի մտավախութիւնները փարատելու համար, քրտական կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան վտանգ չի ներկայացներ եւ կոչ կ՛ընէ Անգարային՝ իսլամ արմատական խմբաւորումներուն դէմ միասնաբար կռուելու:
«Քայիտա»ի մէկ թեւը հանդիսացող «Ճապհաթ Նուսրա»ի դէմ բուռն բախումներէ ետք, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Յուլիս 19ին գրաւած էր սուրիական Ռասուլ Այն քաղաքը: Թուրքիա տարբեր առիթներով կոչ ըրած է Սուրիոյ քիւրտերուն, որ «անջատողական երազներէ» ձերբազատուին:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կազմակերպութեան Կիրակի օրուան համաժողովին ընթացքին, համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ դրական նկատեց այն իրողութիւնը, որ այլեւս ազատօրէն կը խօսի «Քիւրտիստան»ներու մասին։ Ան ակնարկեց Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն հիմնած ինքնավարութեան եւ ըսաւ, թէ Թուրքիա հոն հիմնուած Քիւրտիստանէն անհանգիստ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ այս Քիւրտիստանը որեւէ թշնամանք չունի Թուրքիոյ դէմ։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիայէն քանի մը քայլ անդին ժողովուրդ մը փառաւոր պայքար կը մղէ իր ազատութեան համար, սակայն Թուրքիոյ մէջ իրենք զիրենք ժողովրդավար կոչողները բոլորովին անտարբեր են: «Եթէ էսքիմօները յեղափոխութիւն մը ընեն, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը յոտնկայս պիտի ծափահարէ, բայց եթէ նոյն յեղափոխութիւնը քիւրտերը ընեն՝ ամէն մարդ անոր դէմ կու գայ ու կ՛անարգէ», ըսաւ Տեմիրթաշ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.