ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, 30-31 Յուլիսին գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստ, որ քննարկած է Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարական-գրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Հայոց թեմին մէջ այդ առնչութեամբ եղած զարգացումները:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն յայտնած են, թէ քննարկումէն ետք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ընդունած է Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդի, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնէն եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամութենէն՝ վեհափառէն խնդրելով հաստատել որոշումը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը նաեւ ափսոսանք յայտնած է հրաժարականին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հասցէին ուղղուած անհիմն արժեւորումներուն առնչութեամբ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Ֆրանսայի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդին՝ յորդորելով նաեւ թեմի հաւատացեալները եւ ազգային հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները՝ քրիստոնէական սիրոյ ոգիով նպաստելու Ֆրանսայի Հայոց թեմի բարեկարգման եւ վերակազմաւորման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.