ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Յուլիս 21ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատոյց ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը: Արարողութեանց հանդիսապետեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Արարողութեանց մասնակցեցաւ նաեւ Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան: Պատարագի ընթացքին, սրբազանը դպիր ձեռնադրեց Աշոտ Տոկեանն ու Ռաֆֆի Մուղնեցեանը, ապա անոնց եւ դպիրներ դոկտ. Լեւոն Պետրոսեանի, Մայք Տէրմէնճեանի եւ Տարօն Լաչինեանի շնորհեց ուրար կրելու իրաւունք:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նոր ուրարակիրները եւ անդրադարձաւ դպիրներու եւ ուրարակիրներու հոգեւոր պարտականութիւններուն՝ յորդորելով զանոնք, որ նուիրումով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը: Ապա առաջնորդը փոխանցեց օրուան իր հոգեւոր պատգամը:
Պատարագի աւարտին, սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Անթիլիասի մէջ վերջերս վախճանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիցագոյն միաբան Արտաւազդ արք. Թրթռեանի, ինչպէս նաեւ 2009ի Յուլիս 15ին Թեհրան-Երեւան օդանաւի արկածին հետեւանքով զոհուած 48 հայորդիներու հոգիներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.