ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 1 Օգոստոսին Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ «Վճարելու ենք 100 դրամ» շարժման գործիչները՝ շարունակելով իրենց բողոքի տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւնները, վրան տեղադրեցին, բան մը, որ մինչ այդ արգիլուած էր Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի կողմէ: Ան յայտարարեց, որ հակառակը չի կրնար ըլլալ, քանի որ, Քաղաքացիական օրէնսգիրքի 172/2 յօդուածին համաձայն, պէտք է դիմել լիազօր մարմինին եւ համապատասխան արտօնութիւն ստանալ. քայլ մը, որուն չէ դիմուած։
Վրան զետեղել–չզետեղելու պատճառով գործիչներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ ծայր առաւ քաշքշուք մը, որուն ընթացքին ոստիկանութեան բաժին բերման ենթարկուեցաւ գործիչ Արգիշտի Կիւիրեանը:
Մինչ այդ, Արգիշտի Կիւիրեանը «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ օրէնսգիրքի այդ յօդուածին մէջ նման նախապայման չկայ, եւ ինք կրնայ այդ յօդուածը տրամադրել:
Ան նշած է, որ ոստիկանութիւնը կը փորձէ սադրանքներ կատարել եւ հարցը տանիլ այլ ուղղութեամբ: Կիւիրեան ոստիկաններուն կոչ ուղղած է՝ ինչպէս միշտ անգամ մը եւս ապօրինի գործողութիւնը չփաթթել իրենց վիզին:
Ականատեսները «Նիուզ»ի յայտնած են, որ Արգիշտի Կիւիրեան հարուածելով բերման ենթարկած են: «Ուժեղ հարուածեցին վզին, գլխին, մէջքին եւ մօտ մէկ տասնեակի հասնող ոստիկաններով, ոտքերից ու ձեռքերից բռնած մտցրեցին ոստիկանութեան մեքենան», պատմած է ականատես կին մը՝ աւելցնելով, թէ գործիչը չէ դիմադրած, միայն ոստիկաններուն ըսած է, որ վրաններուն չդպչին։
Փոխոստիկանապետ Օսիպեան իր կարգին յայտարարած է, որ բոլոր անոնք, որոնք չեն ենթարկուիր ոստիկանութեան պահանջներուն, պիտի ենթարկուին վարչական պատասխանատուութեան: Անոր համաձայն, Արգիշտի Կիւիրեանը վարչական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի եւ «նոյնը կը լինի բոլոր նրանց հետ, որոնք կը փորձեն վրան տեղադրել քաղաքապետարանի դիմաց»:
Մինչ այդ, ոստիկաններուն եւ գործիչներուն միջեւ քաշքշուքի ընթացքին կին մը ուշաթափած է:
Քիչ անց քաղաքապետարանին դիմացէն բողոքի շարժումին մասնակիցներուն մէկ մասը երթով ուղղուեցան ոստիկանութեան կեդրոնականի բաժին, ուր բերման ենթարկուած էր գործիչ Արգիշտի Կիւիրեանը։
Գործիչները պահանջեցին անյապաղ ազատ արձակել բռնի ուժով բերման ենթարկուած գործիչը: Անոնք բարձրախօսով յայտարարեցին, որ ոստիկանութեան գործողութիւնները եղած են անհամաչափ եւ անոնք Արգիշտի Կիւիրեանը ծեծելով մտցուցած են ոստիկանական ինքնաշարժ:
Մինչ այդ ցոյցի մասնակիցներէն մէկուն հեռաձայնեցին քաղաքապետարանին մօտ մնացած գործիչները եւ յայտնեցին, որ ոստիկանները վերադարձուցած են գողցուած պաստառները:
Աւելի ուշ Ոստիկանութեան կեդրոնականի բաժինէն ազատ արձակուեցաւ Արգիշտի Կիւիրեանը, որ նաեւ «Armenia Today» լրատուական կայքէջի համակարգողն է. ան նշած է, որ զինք բերման ենթարկելու ոչ մէկ հիմք ներկայացուած է, աւելին՝ աւելի քան 10 հոգի, ապօրինի կերպով զրկելով զինք ազատութենէն, բռնութեամբ ինքնաշարժ նստեցուցած եւ ոստիկանատուն բերած են։ Իր վրայ նաեւ ուժ բանեցուած է, մարմինի տարբեր մասերուն վրայ վէրքեր եւ հարուածքի հետքեր կային։
Ան յայտնած է, որ ոստիկանութեան բաժինին մէջ ոչ ոք զինք տեղեկացուցած է իր իրաւունքներուն մասին, ուստի՝ «այդ ամէնն ապօրինի է եւ դրա համար պատասխանատու են Հայաստանի ոստիկանապետը Վլադիմիր Գասպարեանն ու Սերժ Սարգսեանը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ միջոցներու պիտի ձեռնարկեն՝ ան ըսած է, որ իրենց իրաւունքներու սահմաններուն մէջ պիտի փորձեն բողոքել այդ ապօրինի գործողութիւններուն դէմ:
Արգիշտի Կիւիրեանը ոստիկանութեան բաժինին մէջ մերժած է որեւէ բան ստորագրել, եւ բանաւոր յայտարարութեան մէջ նշած է, թէ այդ մէկը կ՛ընէ, քանի մը, ըստ էութեան, զինք առեւանգած են, իսկ լրատուամիջոցներով կատարուած որեւէ յայտարարութիւն կրնայ նկատուիլ յանցագործութեան մասին հաղորդում, քանի որ իրեն հանդէպ յանցագործութիւն կատարուած է:
Գործիչը յայտնած է, որ ինք ոչ մէկ յանցանք գործած է, իսկ ոստիկանութիւնը խախտած է նաեւ զինք ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ պահելու ժամկէտները. զինք բերման ենթարկած են ժամը 12:20ին, սակայն ազատ արձակած են 15:40ին՝ խախտելով թոյլատրուած 3 ժամը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.