ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»ի ցանցերուն վրայ հաստատած է իր պաշտօնական էջը՝ https://www.facebook.com/MFANKR եւ https://twitter.com/mfankr։
Այսպիսով Դիմատետր եւ «Թուիթըր» օգտագործողները կրնան ծանօթանալ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան, կարդալ յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ, փոխանակել միտքեր, մեկնաբանութիւններ կատարել, ներկայացնել անձնական գաղափարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.