ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի գրասենեակը Օգոստոս 2ին հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնք քաղուած էին ռուսական աղբիւրներէ, այն մասին, թէ Ալիեւ Յուլիս 31ի երեկոյեան գաղտնաբար Մոսկուա այցելած է:
Ըստ տեղեկութեանց՝ Ալիեւ մնացած է Քրեմլինի մօտ գտնուող «Լոթը» պանդոկը: Կը նշուի նաեւ, որ Ալիեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.