ԱԽԱԼՑԽԱ, «Ախալցխա.նեթ».- 4 Օգոստոսին Ախալցխայի մէջ տեղի ունեցաւ «æաւախքի Ճամբար 2013» ծրագիրի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ ըլլալու համար Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն եկած էին ճամբարին մասնակիցներուն ծնողներն ու հարազատները։
Ճամբարային ծրագիրի աւարտական հանդիսութեան ընթացքին երեխաները ներկաներուն ներկայացուցին իրենց սորվածները, հայկական հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերը ու ազգագրական պարերը:
Ծրագիրին մասնակից երեխաները պարեցին նաեւ արաբական ժողովրդական պար մը:
Աւարտին ծրագիրի կազմակերպիչները ճամբարի երեք խմբակներու երեխաներէն պարգեւատրեցին լաւագոյնները, որոնք ճամբարի տասը օրերուն ընթացքին յատկանշուեցան իրենց կարգապահութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ:
Երեխաները եւս ճամբարի խմբապետներուն նուիրեցին փոքրիկ յուշանուէրներ:
Ճամբարի կազմակերպիչները ներկաներուն խոստացան յաջորդ տարի կրկին վերադառնալ աւելի մեծ խումբով եւ աւելի երկար մնալու ծրագիրով:
«æաւախքի ճամբար 2013» ծրագիրի փակման հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Ախալքալաքի մէջ:
Յիշեցնենք, որ այս տարի «æաւախքի ճամբար 2013» ծրագիրը մեկնարկեց Յուլիս 22ին: Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի մէջ ծրագիրին ներգրաւուած էին 80է աւելի երիտասարդներ:
«æաւախքի ճամբար» ծրագիրը կը կատարուի 2012 թուականէն սկսեալ, Հայ Օգնութեան Միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր օժանդակութիւններով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.