

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի 33րդ տարեշրջանի նախապատրաստական աշխատանքներուն ծիրէն ներս, վարժարանի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանին նոր տնօրէն նշանակուած է տոքթ. Մանուկ Սէրայտարեանը:
Տոքթ. Մանուկ Սէրայտարեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, ու 1988ին Հալէպի համալսարանէն ստացած է բժիշկի կոչումը, որմէ ետք ան շրջան մը նոյն համալսարանին մէջ դասախօսած է բերանի հիւանդութեանց ախտաճանաչման ու բժշ-կումի առնչուող նիւթերու շուրջ:
Իր ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, ան յաճախած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Բարձրագոյն ուսման բաժանմունքը՝ հետեւելով կրթական մարզի դասընթացքներու եւ ամբողջացնելով Ուսողութեան դասաւանդումի ղեկավարման հիմնարկի դասընթացքը՝ 2005ին, ինչպէս նաեւ՝ նոյն համալսարանի Ուսողութեան ծրագիրի Continuing Teacher Leaders Institute-ի դասընթացքը (2006):
Ան աւելի քան երեք տասնամեակներու ուսուցչական փորձառութիւն ձեռք ձգած է ու ստանձնած բաժանմունքի ղեկավարի պաշտօններ՝ կրթական տարբեր մակարդակներու վրայ: Դասաւանդած է հայկական շարք մը վարժարաններու մէջ՝ «Ֆերահեան», «Ալէք Փիլիպոս» եւ «Մեսրոպեան»: Ան նաեւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն իր ելոյթներով ծանօթ է շրջանի հայ համայնքին ու դասախօսութիւններ ունեցած է հայկական շարք մը կազմակերպութեանց ամպիոններէն:
«Շատ վստահ ենք, տոքթ. Սէրայտարեան իր մասնագիտական գիտելիքներն ու տարիներու փորձառութիւնը ի սպաս պիտի դնէ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի առաքելութեան՝ քայլ պահելով արագօրէն փոխուող աշխարհին հետ ու վարժարանի դասանիւթերու ցանկը հարստացնելով նոր նիւթերով», կը յայտնէ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Ճորճ Մանտոսեան: