ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ»ի յարկին տակ կամաւոր աշխատանք տանող Սեւակ Ինճէեան ձեռնարկած է խմբագրատան «Մկրտիչ Արարատեան» գրադարանի գիրքերու գոյքագրման աշխատանքը:
Ամէնօրեայ աշխատանքի բեռան տակ գրադարանի գիրքերը դասաւորելու, անոնց ամբողջական ցանկը ունենալու գործը չենք կրցած իրականացնել: Սեւակ, ընդառաջելով մեր դիմումին, սկսաւ կատարել այդ աշխատանքը:
Ցանկագրելէ ու դասաւորելէ ետք, «Ասպարէզ» հնարաւորութիւն պիտի ունենայ կրկնօրինակները դուրս բերելու եւ զանոնք ազգային վարժարաններու գրադարաններուն նուիրելու:
Կրկին անգամ շնորհակալութիւն Սեւակին ու անոր ծնողներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.