
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– 6 Օգոստոսին լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջան ըրած Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի նամակին առնչութեամբ՝ ուղղուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, Երուսաղէմի պատրիարքարանէն նշած են, որ պատրիարքը 5 Օգոստոսին մեկնած է արտերկիր եւ պիտի վերադառնայ 11 Օգոստոսին, իսկ ոչ ոք իրաւասու է յայտարարութիւն կատարելու։
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ քահանայ Մելիքեանը դիտել տուած է, որ Օգոստոս 3ի թուակիր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին նամակը՝ 6 Օգոստոսին, ժամը 19:30ին հասած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանի անձնական ելեկտրոնային հասցէին:
Տէր Վահրամը նշած է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայիս արձակուրդի է, եւ անհրաժեշտ պարզաբանումները պիտի տրուին հետագային։ Քահանան նախապէս հերքած է նման նամակի մը առկայութիւնը։
Միւս կողմէ, 1in.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Երուսաղէմի պատրիարքութեան միաբան Արիս արք. Շիրվանեան յայտնած է, որ թէեւ նամակը ուղարկած է իր անձնական ելեկտրոնային հասցէէն, բայց անիկա գրուած է Երուսաղէմի պատրիարքին կողմէ՝ իր ստորագրութեամբ եւ պատրիարքարանի պաշտօնաթուղթին վրայ:
Սրբազանը հաստատած է նամակին իսկութիւնը եւ բացատրած, թէ ինչո՛ւ անիկա Մայր Աթոռ հասած է իր անձնական հասցէէն։
«Բովանդակութիւնը նոյնն է, ինչ նախապէս մամուլով տարածուեց: Ի հարկէ, չգիտեմ, թէ ինչպէս անկանոն կերպով դուրս եկաւ եւ տարածուեց՝ մինչ վեհափառին ուղարկելը, բայց ես՝ տեսնելով, որ արդէն աղմուկ է բարձրացել, եւ Տէր Վահրամը կասկած է յայտնել մամուլում նամակի վաւերականութեան առնչութեամբ, անմիջապէս ինձ մօտ եղած պաշտօնագիրն ուղարկեցի Մայր Աթոռ՝ մտածելով, որ երեւի պատրիարքի կողմից ուղարկուածը չէր հասել», դիտել տուած է Արիս սրբազանը: