ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» թերթի յօդուածագիր Սեւիլայ Եուքսելիր իր Օգոստոս 7ի ակնարկին մէջ կը գրէ, որ վստահ է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան պատասխանատուն փաստաբան Քեմալ Քերինչսիզն է, որ «Էրկենեքոն»ի հարցով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուածներէն մէկն է։ Եուքսելիր կը գրէ, թէ Օրհան Փամուքի դատավարութեան ընթացքին, բազմաթիւ լրագրողներու կարգին հոն էր նաեւ Հրանդ Տինքը եւ երբ լրագրողներ Տինքէն յայտարարութիւն կը խնդրէին, կարգ մը բողոքարկուներ Հրանդին կը պոռային. «Կորսուէ՛, գնա՛ այս երկրէն, հայու …»։ Ապա, Քերինչսիզ պոռացած է. «Դարձեալ թրքութիւնը կը նախատես օտարներու մօտ, հայու …։ Գիտցիր, որ վախճանդ շատ գէշ պիտի ըլլայ։ Ամէնէն վերջը պիտի սատկեցնենք քեզ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.