ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Չեմ յիշեր, թէ երբ եւ ուրկէ ձեռքս հասած է այս մասունք դարձած յանձնարարական նամակը՝ ուղղուած քոնկրեսական Ճ. Ք. Նիտհամին, 102 տարի առաջ, 20 Յունուար 1911ին, «Ասպարէզ»ի հիմնադիրներէն Արփաքսադ Սեդրակեանի կողմէ, ներկայացնելով մեր մեծանուն ազգային հասարակական գործիչ Է. Ակնունին (Խաչատուր Մալումեան), որ 1910-1911 թուականներուն

գտնուած է Հիւսիսային Ամերիկա, քաղաքական ու քարոզչական զանազան աշխատանքներով:
Արփաքսադ Սեդրակեան ծնած է Պիթլիս: 1985ի կոտորածներուն զոհ կ՛երթայ անոր հայրը՝ ետին ձգելով իր կինն ու զաւակները: Իր նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, Արփաքսադ կը փոխադրուի Իզմիր՝ յաճախելով տեղի Ամերիկեան քոլեճը: Մինչեւ քոլեճէն շրջանաւարտ ըլլալը, անոր մայրն ու քոյրերը կու գան Ամերիկա ու կը հաստատուին Ֆրեզնօ: Արփաքսադ Իզմիրի քոլեճը աւարտելէ ետք, 1905ին կու գայ Ֆրեզնօ՝ հաստատուելով հարազատներուն քով: Կ՛ընդունուի Պըրքլիի համալսարանը ու կը հետեւի իրաւագիտութեան՝ արժանանալով փաստաբանական վկայականի: Մայրը դէմ կը դնէ փաստաբանութեան անոր ընտրանքին՝ ըսելով. «Փաստաբանները շատ սուտ կը խօսին»: Արփաքսադ կը նետուի առեւտրական ասպարէզ, իր քրոջ՝ յետագայի «Մայր բարերարուհի» Սոֆիա Յակոբեանի ամուսնոյն՝ Լեւոն Յակոբեանի հետ:
Ա. Սեդրակեան երիտասարդ տարիքէն անցած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը եւ եռանդուն գործունէութիւն ունեցած է կուսակցական կեանքի մէջ. ան սիրուած էր ժողովուրդէն որպէս շնորհալի կազմակերպող եւ հռետոր: 1908ին վեց ընկերներով հիմը կը դնէ «Ասպարէզ»ին, ապա աշխատակցելով, կազմակերպելով, նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար դառնալով՝ նեցուկ կը կանգնի թերթին: Նաեւ, ան մեծապէս ճանչցուած դէմք մը եղած է ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ: 1919ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յ. Քաջազնունի Ամերիկա եկած է ու այցելած Քալիֆորնիա, Ա. Սեդրակեանը եղած է զինք առաջնորդողն ու ներկայացնողը ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն: Ա. Սեդրակեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է արթուն պահակը «Ասպարէզ»ին, մերթ խմբագրական կազմին մէջ, մերթ Քալիֆորնիոյ ՀՅԴ Գործադիր մարմինին մէջ, միշտ եռանդուն ու առաջին շարքերուն վրայ:
Հանրապետական քոնկրեսական Ճէյմզ Քարսըն Նիտհամ (1864-1942) ծնած է Քարսըն Սիթի, Նեւատա: Ան իր ծնողքին հետ փոխադրուած է Սանթա Քլարա, Քալիֆորնիա: Նիտհամ իր երկրորդական ուսումը ստացած է Սան Հոզէի համալսարանէն, 1886ին, ապա յաճախած Միշիկընի համալսարանը՝ ստանալով իրաւաբանի տիտղոս, 1889ին: Նոյն տարին ընդունուելով Քալիֆորնիոյ փաստաբանական խմբակցութեան մը մէջ՝ շարունակած է իր ասպարէզը Մոտեսթոյի մէջ:
Նիտհամ 1899ին կ՛ընտրուի ամերիկեան Քոնկրեսի անդամ ու կը վերընտրուի յաջորդաբար 6 շրջաններ: 1919ին կը նշանակուի Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր, մինչեւ 1935 թուական: Կը մահանայ 1942ին ու կը թաղուի Մոտեսթօ քաղաքի «Մասոնիք» գերեզմանատան մէջ:
Անգլերէն բնագիրէն թարգմանաբար կը ներկայացնենք նշեալ նամակ-խնդրագիրը, զոր գլխաւորաբար կը վերաբերի իրավիճակին Ռուսիոյ մէջ բանտարկուած 260 հայ քաղաքական բանտարկեալներու, որոնք կը սպասեն իրենց դատավարութեան ու ճակատագիրին:
Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, 20 Յունուար, 1911

Յարգարժան Ճ. Ք. Նիտհամ, Ուաշինկթըն
Սիրելի պրն. Նիտհամ,
Անշուշտ կը յիշէք պրն. Ակնունին՝ Պոլիսէն ժամանած հայ ծագումով դիւանագէտը, որուն հետ հարցազրոյց մը ունեցաք Ֆրեզնոյի մէջ, ձեր ընտրական պայքարի աւարտէն ետք: Պարոն

Ակնունին, Ամերիկայի եւ Քանատայի հայկական բոլոր գաղութները այցելելէ ետք, վերադարձած է Պոսթըն: Պոսթընէն նամակով մը զիս կը տեղեկացնէ, թէ այս ամսուան վերջաւորութեան որոշած է այցելել Ուաշինկթըն, որպէսզի մայրաքաղաքի քաղաքական խաւին ներկայացնէ եւ ծանօթացնէ 260 հայ քաղաքական բանտարկեալներու ներկայ իրավիճակը, Ռուսիոյ Նովա Չերքասք քաղաքի բանտին մէջ, մինչ կը սպասեն իրենց դատավարութեան:
Ամերիկահայերը, ինչպէս նաեւ եւրոպահայերը, շատ հետաքրքրուած են այս հարցով եւ կը յուսան, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը պէտք եղած ճնշումները բանեցնէ ռուսական կառավարութեան վրայ, որպէսզի արդարօրէն դատուին (կամ ազատ արձակուին) մեր դժբախտ եղբայրները, որոնք մենակեաց արգելափակուած կը մնան Ռուսիոյ մէջ:
Առ ի արդիւնք այս իրողութեան, Նոյեմբեր 21ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իսկ Նոյեմբերի վերջաւորութեան՝ Ֆրեզնոյի մէջ, կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքներուն ընթացքին, տեղական հայ համայնքները որոշած են բողոքագիրներ յղել Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, արտայայտելու համար իրենց հաւաքական բողոքը եւ խնդրելու աջակցութիւն: Վստահ ենք, որ դուք ալ ստացաք այս նամակներուն պատճէնները:
Պրն. Ակնունիի խնդրանքին ընդառաջելով՝ Դեկտեմբեր 6ին ներկայացայ Սան Ֆրանսիսքոյի «20րդ դարու ակումբ» գրական ընկերակցութեան հաւաքին, բացատրեցի այս բանտարկեալներուն իրավիճակը ու ներկայ քաղաքական դիրքորոշումները այս հարցին շուրջ: Զիս լսելէ ետք, այս ընկերակցութիւնն ալ զօրակցեցաւ մեզի՝ բողոքագիրներ ուղարկելով ամերիկեան կառավարութեան անդամներուն ու նախագահին:
Պրն. Նիտհամ, հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ Ֆրեզնոյի հայերը ձեզի հայ գաղութին լաւագոյն բարեկամը կը դասեն: Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» թերթն ալ իր կարելին ըրած է ձեր ընտրական պայքարին ատեն եւ կը խոստանայ շարունակել այդ ընթացքը ապագային:
Պրն. Ակնունին շուտով կը հասնի Ուաշինկթըն եւ յոյսով եմ, որ ձեր աջակցութեամբ պէտք եղած լուծումները ձեռք կը ձգուին: Իր գործերը աւարտելէ ետք Ուաշինկթընի մէջ, պրն. Ակնունին պիտի ուղղուի Պոլիս: Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ միշտ պիտի գնահատենք ձեր օգնութիւնը այս հարցին կապակցութեամբ:
Անկեղծօրէն՝
Արփաքսադ Սեդրակեան
Յ.Գ.- Պրն. Նիտհամ, պիտի խնդրէի ձեզմէ, որ ըստ պատշաճի՝ պրն. Ակնունին ծանօթացնէք պրն. նախագահ Թաֆթին, եւ այս տեսակցութեան տեղեկագիրը փոխանցէք «Associated Press»ին: Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն ուրախ էին ամերիկահայերը՝ լսելով լուրը, երբ մենք երեք տարի առաջ այս հարցով դիմեցինք նախագահ Ռուզվելթին: