
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Օգոստոսին ընդունած է Ռուսիոյ ռազմական սարքերու համագործակցութեան գծով դաշնային գործակալութեան տնօրէն Ալեքսանդր Ֆոմինը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսած են երկու ռազմավարական դաշնակից պետութիւններու միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման բարձր մակարդակին մասին։ Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ ռազմական սարքերու վերաբերող համագործակցութեան ամրապնդման ու խորացման ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեան եւ Ալեքսանդր Ֆոմին քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցերու մասին։