
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7ի երեկոյեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի ծննդեան տարեդարձին առթիւ, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։ Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ ներկայ եղան ձեռնարկին: Ընթացքին, հայր սուրբը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսքը։