
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մոնթեպելլոյի առեւտուրի գրասենեակի ամսաթերթը՝ «Սփաթլայթ ան Մոնթեպելլօ»ն, իր Օգոստոսի թիւին մէջ կը հաղորդէ, թէ տարուան լաւագոյն գործառնութեանց մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, «Կեանքի Որակ» մրցանակը շնորհած է ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի մանկամսուրին, որ 15 տարիներէ ի վեր իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ գաղութին: Մանկամսուրը 2006էն ի վեր հինգ աստղանի անդամ մըն է Լոս Անճելըսի մանկամսուրներու «LAUP» ծրագիրին:
Յուլիս 1ին, ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի մանկամսուրը տօնած է իր հիմնադրութեան 15ամեակը, իսկ Յունիս 15ին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է 2012-2013 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդէսը, որուն ընթացքին վկայականներ ստացած են 5 տարեկան 40 աշակերտներ: Հանդիսավարը եղած է ուսուցչուհի Լաուրա Քանոն, իսկ ձեռնարկին ընթացքին մեծարուած են մանկամսուրի ուսուցիչներ Տայանա Ամլոյեան, Մարի Էլէճեան, Յասմիկ Կակոյեան, Լաուրա Գրիգորեան, Մարիանա Խաչատրեան, Սարա Նահապետեան, Նայիրա Ուզունեան, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Լիլիթ Բարսեղեան ու վերահսկիչ Աստղիկ Սահակեան, որ 7 տարիներու սպասարկութենէ ետք՝ այժմ կը հեռանայ մանկամսուրէն: Ելոյթ ունեցած են նաեւ «Նայիրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Հեղինէ Հարպոյեանը, ծնողներ՝ Տայանա Ամլոյեան, Քլոտիա Կարսիա եւ Մարիամ Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ՝ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանն ու մանկամսուրի տնօրէնուհի Լիլիթ Բարսեղեանը: