ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հնդկական «Նորթ սթար հոսփիթելիթի» զբօսաշրջային ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Երեւանի մէջ ներդրումային առաջարկներով:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Կամօ Մովսէսեան, արտաքին կապերու վարչութեան պետի տեղակալ Տիգրան Աստուածատրեան եւ զբօսաշրջութեան բաժնի պետ Մարիա Բարաղամեան 13 Օգոստոսին ընդունած են հնդկական «Նորթ սթար հոսփիթելիթի» զբօսաշրջութեան ընկերութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները: «Նորթ սթար հոսփիթելիթի»ն ոլորտի մեծագոյն սեփական ընկերութիւններէն մէկն է, որուն նպատակն է նաեւ ընդլայնել զբօսաշրջութեան շուկան Երեւանի մէջ՝ միաժամանակ ներկայանալի եւ աւելի ճանաչելի դարձնելով Երեւանը հնդիկ զբօսաշրջիկներուն համար:
Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են Երեւանի զբօսաշրջութեան հետաքրքրութիւններն ու ներդրումային կարելիութիւնները, իսկ համագործակցութեան առաջարկները աւելի յստակ կերպով պիտի ներկայացուին Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ կայանալիք հայ-հնդկական առեւտրա-ադիւնաբերական համաժողովին ընթացքին: Կազմակերպութիւնը պիտի հրաւիրէ գործարարներու խումբ մը, որուն անդամները հետաքրքրուած են մայրաքաղաքի ներդրումային առաջարկներով:
«Նորթ սթար հոսփիթելիթի» ընկերութեան տնօրէն Ռոհիտ Նորոնհան նշած է, որ յստակ է վերջին տարիներուն Երեւանի ապրած յառաջդիմութիւնը, որուն պատճառով հնդիկները առաւել եւս հետաքրքրուած են Երեւանով. ան յայտնած է, որ միացեալ ծրագիրներու եւ համագործակցութեան ճամբով կարելի կ՛ըլլայ բազմացնել այցելութիւններուն թիւը։
Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները վստահեցուցած են, որ Երեւանի քաղաքապետարանը բաց եւ պատրաստակամ է որեւէ առողջ համագործակցութեան համար: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հնդկաստանի զբօսաշրջութեան շուկային մէջ Երեւանեան զբօսաշրջութեան միջավայրը ծանուցելու տարբերակները:
Յիշեցնենք, որ 2008ին Երեւան քաղաքի եւ Տելիի կառավարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է։ Յառաջիկային մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ նախատեսուած է ստեղծել Հնդկաստանի պուրակ, կայ նաեւ Երեւանի եւ հնդկական քաղաքներուն միջեւ ուղիղ թռիչքներու սկսելու հեռանկարային ծրագիր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.