ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանէն պանիրի ու կաթնեղէնի արտածման քանակը՝ 2013ի առաջին կիսամեակին 51 տոկոսով աւելցած է՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած։ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի տուեալներով, 2013ի առաջին վեց ամիսներուն Հայաստանէն արտածուած է 401 թոն պանիր եւ կաթնեղէն՝ 2012ի առաջին կիսամեակի 265.3 թոնի փոխարէն։ 2013ի առաջին կիսամեակին Հայաստանէն արտածուած պանիրի եւ կաթնեղէնի ընդհանուր մաքսային արժէքը գերազանցած է 1 միլիոն տոլարը: Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանէն արտածուած պանիրի ու կաթնեղէնի մեծագոյն մասը մատակարարուած է Ռուսիոյ (396.4 թոն), իսկ մնացածը՝ Միացեալ Նահանգներուն, Վրաստանի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:
2012ին Հայաստանէն արտածուած է 903.6 թոն պանիր եւ կաթնեղէն՝ 2011ի 439.8 թոնի փոխարէն: Այս տարուան Յունուար-Յունիսին երկիրէն արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 710 միլիոն 395 հազար տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.