Հայկական «Փրփուր» փառատօնը աւանդական ձեռնարկը դարձած է գաղութի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան: Այս տարի եւս որոշում առնուեցաւ, որ ձեռնարկը կատարուի մէկ օրուան տեւողութեամբ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2013ին, դարձեալ գաղութի «Ասպարէզ» Հայ կեդրոնի բակին մէջ (2348 Ventura AT. Fresno, California):
Նորընտիր կոմիտէի ամբողջ կազմը, փառատօնի յանձնախումբը, կոմիտէութեան ընկերներ, գաղութիս քոյր միութիւններու վարչականներ եւ անդամներ, բազմաթիւ համակիր հայորդիներ եւ ազգանուէր անձնաւորութիւններ, բոլո՛րը ձեռք ձեռքի տալով ու ջանք չխնայելով՝ համագործակցաբար ամիսներ առաջ լծուեցան փառատօնի աշխատանքներուն, որպէսզի զայն դարձեալ մեծ յաջողութեամբ պսակեն:
Միօրեայ սոյն փառատօնի ձեռնարկին ներկայ հիւրերը պիտի խանդավառուին նուագով, երգերով եւ պարերով, մասնակցութեամբ Ֆրեզնօ գաղութին մէջ սիրուած երգիչ Ռիչըրտ Յակոբեանի՝ իր նուագախումբով, եւ DJ Յակոբի։ Նաեւ պիտի կատարուին հայկական պարեր, պիտի սպասարկուին հայկական աւանդական տեսակաւոր ճաշեր եւ խմիչքներ։
Հայկական միութիւններ եւ որոշ գործատէրեր, անջատ կրպակներու մէջ պիտի վաճառեն տեսակաւոր իրեր։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2013ին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6 պիտի կատարուի ճաշերու յանձնում՝ յատուկ ապսպրանքով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն. Պետրոս Խտրեան՝ 559-360-0852, Գրիգոր Կէօղլեան՝ 559-434-1430:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.