
ՕՆԹԱՐԻՕ, Քալիֆորնիա.- «Inland Valley Daily Bulletin»ը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի կամաւորներ կը փնտռէ, որոնք անգլերէնի կողքին կը խօսին նաեւ սպաներէն, քորէայերէն, հայերէն, պարսկերէն եւ չինարէն, որպէսզի անոնք միանան քաղաքապետի Ճգնաժամային արձագանգման խմբակին:
Ճգնաժամային արձագանգման խումբը արտակարգ իրավիճակներու վայրերու մէջ հոգեբանական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ տուեալ իրավիճակի զոհերուն: Այս տարի այդ խումբը պատասխանած է մօտաւորապէս 205 արտակարգ իրավիճակներու դիմումներու:
«Կամաւորները տեղւոյն վրայ հոգեբանական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն եւ օժանդակութիւն կ՛ապահովեն ընտանիքներուն՝ նպաստելով ոստիկանութեան ու հրշէջներու սպասարկութեանց, որպէսզի անոնք կարենան իրենց գործերը իրականացնել: Կամաւորները նաեւ քաղաքին կողմէ ծախսուելիք գումարները կը խնայեն», նշած է Կարսեթի: