
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող «Շօա» հիմնարկը Յունիս 19ին համաձայնութիւն մը գոյացուցած են՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն 400 վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու ծրագիրը ամբողջացնելու՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, որպէսզի անոնք մաս կազմեն «Շօա» հիմնարկի մնայուն «Տեսողական պատմութիւն» հաւաքածոյին:
Վերապրողներու վկայութիւնները արձանագրուած են Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի հանգուցեալ հիմնադիր Մայքըլ Յակոբեանի կողմէ, 16 մմ. ժապաւէնի վրայ, 1996-2005 տարիներուն միջեւ:
Նշեալ վերապրողները մահացած են ներկայիս: Անոնց հետ հարցազրոյցները կատարուած են 10 տարբեր լեզուներով: Անոնք 8էն 29 տարեկան էին Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն:
Հարցազրոյցներուն թուայնացումը պիտի կատարուի երկու տարբերակով, որոնցմէ մէկը համացանցի միջոցաւ դիտուելու համար է, իսկ միւսը՝ սփռումներու համար օգտագործուելու: