
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի տիկնանց օժանդակ մարմինին, Հինգշաբթի, Օգոստոս 1ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Ամառնային Գիշեր» ձեռնարկը, որ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնն էր: Յուշարձանը պիտի խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յարութիւնը:
Իր բարի գալստեան խօսքին մէջ, ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատմական նշանակութիւն ունեցող սոյն ձեռնարկին ներկայ գնտուող հաւատացեալներուն: Ան սրտաբուխ շնորհակալութիւն յայտնեց Սիպիլ Աբրահամեանին եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք մաս կը կազմեն այս ծրագիրի իրագործման: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց օժանդակ մարմինին, որ սքանչելի կերպով կազմակերպած էր սոյն ձեռնարկը:
Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան կատարեց սեղաններուն օրհնութիւնը, ապա հրաւիրեց Կլենտէյլի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանը, որ կոչ ուղղեց արժանավայել կերպով ոգեկոչելու Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը: «Ինչպէս Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, Աստուած յարութիւն պարգեւեց հայ ազգին», ըսաւ ան:
Առաջնորդը, որ նոր վերադարձած էր Ս. Էջմիածինէն, իր հոգեւոր պատգամին մէջ ըսաւ. «Եկէ՛ք միասնաբար ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը՝ մեր նահատակ ժողովուրդի տեսիլքով: Ապրիլ 24ը այլեւս ողբի օր մը չէ, այլ՝ խորհրդանիշը եւ յաղթանակը մեր ազգին»: Ապա ան կատարեց յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Ներկաները վայելեցին ընթրիքը, որ պատրաստուած էր «Ռից Քոլլեքշըն»ի կողմէ, իսկ Mr. X-ը՝ Արթուր Յակոբեան, եւ Մերուժանը ներկայ գնտուող շուրջ 230 հաւատացեալները խանդավառեցին իրենց երգերով եւ նուագներով: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդին «Պահպանիչ»ով: