ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Յուլիս 28ին, կ.ե. ժամը 4ին Altadena Town & Country Club-ին մէջ հանդիսաւոր կերպով տօնախմբուեցաւ Հայց. եկեղեցիէն ներս երկարամեայ հոգեւոր ծառայութիւն ունեցած եւ բազմավաստակ գրող՝ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի ծննդեան 80ամեակը՝ կազմակերպութեամբ իր ազգականներուն եւ յատկապէս տէր եւ տիկին Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մկրուպլեաններուն: Ներկայ գտ-նուեցան հոգեւորականներ եւ շուրջ 125 հիւրեր:
Ընթացքին գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր: Ընթերցուեցաւ տէր հօր կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հեղինակած ու կատարած հրատարակութիւններու ցանկը եւ առաքուած շնորհաւորական նամակները:
Նկատի ունենալով, որ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնած էր Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան զինք ներկայացուց եւ կարդաց անոր ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքը:
Յայտագիրի աւարտին, տէր հայրն ու երէցկին Ճոյսը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին ու ձեռնարկը կազմակերպած տէր եւ տիկին Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մկրուպլեաններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգականներուն եւ ներկաներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.