ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանէն մոլիպտենի եւ անկէ պատրաստուած արտադրութիւններու արտածման քանակը 2013ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աճած է մօտ 15 տոկոսով: Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի տուեալներով, 2013ի առաջին վեց ամիսներուն Հայաստանէն արտածուած է 369 թոն մոլիպտեն՝ 2012ի նոյն ժամանակաշրջանի 320 թոնի փոխարէն։ 2013ի առաջին կիսամեակին Հայաստանէն արտածուած մոլիպտենի ամբողջ քանակը, որուն մաքսային ընդհանուր արժէքը շուրջ 9.2 միլիոն տոլար է, գնուած է Գերմանիոյ կողմէ:
Յատկանշական է, որ 2011ին եւ 2012ին դարձեալ Գերմանիան գնած էր Հայաստանէն արտահանուած մոլիպտենին եւ անկէ պատրաստուած արտադրութեան ամբողջ քանակը՝ համապատասխանաբար 480 եւ 677 թոն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.