
Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷի Ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի 1-16րդ հանգրուանի ճակատումները այդքան ալ լաւ չեղան հայրենի գերվարպետ Լեւոն Արոնեանին համար՝ նկատի ունենալով, որ ան 1.5-0.5 արդիւնքով պարտութիւն կրելէ ետք իր մրցակից Եւգենի Թոմաշեւսքիէն (Ռուսիա)՝ դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Առաջին մրցումին Արոնեան պարտութիւն մը կրեց, մինչ երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Նշենք, որ արձանագրուած հաւասարութեան Արոնեան կը մրցէր սեւ քարերով: