
Շաբաթ օր Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2013» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեանց, Հայաստանի համար ո՞վ է նախագահի նախընտրելի թեկնածուն՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ ոչ միայն Հայաստանի համար, ժողովրդավարութեան ճամբով ընթացող դրացիները ձեռնտու են: «Այստեղէն ալ եզրակացութիւն, որ իբրեւ դրացի, յատկապէս իբրեւ բանակցային գործընկեր՝ մեզի միանշանակ ձեռնտու է ժողովրդավարական Ատրպէյճանը», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
«Բայց եթէ այս հանգամանքը մէկ կողմ դնենք, հարցումին պատասխանը հետեւեալն է՝ մեզի համար թերեւս ամէնէն ձեռնտուն պիտի ըլլար, որ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը յաղթէր», յայտարարեց նախագահ Սարգսեան՝ մանրամասնելով. «Մենք, անկախ անկէ, որ դժուարին, բայց երկար բանակցային ճամբայ անցած ենք: Գրեթէ ուրուագծուած է խնդիրի լուծման ճամբան՝ գոնէ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն առաջարկած սկզ-բունքները հրապարակաւ ընդունուիլը: Անոնց շուրջ արդէն չորս տարիէ ի վեր աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարենք»:
«Հիմա ես չեմ ըսեր, որ բանակցային հոլովոյթը շատ աշխոյժ կ՛ընթանայ, բայց այնուհանդերձ բաւական ճամբայ անցած ենք, եւ եթէ ընտրութենէն ետք Իլհամ Ալիեւ կարենայ կամք դրսեւորել եւ վեր կանգնիլ հայատեացութեան իր այդ մոլուցքէն, ապա ես կը կարծեմ՝ մեզի համար ամէնէն ընդունելի եւ նախընտրելի տարբերակը ատիկա է», նշեց Հայաստանի նախագահը: